Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Թատամոնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգ - Բ. դասակարգ փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 մայիսին Ղազիրի դաշտին վրայ իրարու դէմ յանդիման եկան Սաժես եւ Թատամոն: Սաժես գրաւեց Ա. դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան 9-րդ եւ վերջին դիրքը, մինչ Թատամոն` Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը: Անոնց միջեւ կատարուելիք երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի իր...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանեան – Գերմանական Համալսարան

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ֆետերասիոնի անդամներ Ղազի Պուսթանի, Փաթրիք Լահուտ, ինչպէս նաեւ տարիքային խումբերու պատասխանատուներ, այցելեց Լիբանանեան - գերմանական համալսարան: Պատուիրակութիւնը ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ համալսարանի բժշկական բաժանմունքի նախագահ բժշկուհի Սէյտա Սահիունին, որ պէտք եղած բոլոր բժիշկներն ու մարզիկներու ֆիզիքականին հոգ տանող անձերը տրամադրեց Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային ախոյեանութիւններուն ընթացքին:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահտ Տուպլէ Մը Իրագործեց` Աւարտականին Յաղթելէ Ետք Անսարին (1-0)

Լիբանանի ֆութպոլի 2018-2019 տարեշրջանը իր աւարտին հասաւ շաբաթ, 25 մայիսին, երբ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` Լիբանանի ախոյեան Ահտի եւ Անսարի միջեւ, մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան: Ահտ յաջողեցաւ տարեշրջանը աւարտել տուպլէով մը (նախորդ տարեշրջանին նման), երբ այս ճակատումը աւարտեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակով: 15 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին միակ կոլը...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Վալենսիա Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Պարսելոնային (2-1)

Շաբաթ, 25 մայիսին, տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտականի ճակատումը երբ Էսթատիօ Պենիթօ Վիլամարենի դաշտին վրայ, ներկայութեամբ աւելի քան 53 հազար հանդիսատեսներու, իրարու դէմ մրցեցան Պարսելոնա եւ Վալենսիա: Սեւիլլայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս ճակատումը աւարտեցաւ Վալենսիայի յաղթանակով: Վերջինս 2-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն: Այսպիսով, 11 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Վալենսիա տիրացաւ տիտղոսին` իր...

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ` Գերմանիոյ Բաժակակիր

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը` Պայէրն Միւնիխի եւ Լայփցիկի միջեւ, աւարտեցաւ ախոյեան Պայէրնի յաղթանակով, որ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը, յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել: Պերլինի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի տուպլէ մը իրագործեց (29-րդ եւ 85-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց ֆրանսացի միջնապահ Քինկզլի Քոմըն: Պայէրն, որ այսպիսով երեք տարի տիրացաւ այս մրցաշարքի...

«Էն. Պի. Էյ.» Թորոնթօ Ռեփթըրզ` Արեւելեան Շրջանի Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի աւարտականը եզրափակուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ - Միլուոքի Պաքս վեցերորդ ճակատումը: Ռեփթըրզ հանդիսացաւ այս շրջանի ախոյեան, երբ գերազանցեց իր մրցակիցը` 4-2 արդիւնքով: Երէկուան այս մրցումին Ռեփթըրզ արձանագրեց 100-94 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 27 կէտ, մինչ Պաքսէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ` 21 կէտ: Ուրբաթ, 31 մայիսին տեղի կ՛ունենայ աւարտականի առաջին...

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարքը` Սեպտեմբերին

Յատուկ հանդիպում-ժողովի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը: Մրցաշարքի կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահն է Ֆիտաա Սայտայի նախագահ Նիզար Ռաուաս, մինչ յանձնախումբին մաս կը կազմեն Հիշամ Ժըրատի եւ Սուպհի Քըպլաուի: Յանձնախումբը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին համամտութիւնը ստանալէ ետք որոշեց մրցաշարքը կայացնել 10-18 սեպտեմբերին` մասնակցութեամբ տեղական, արաբական եւ եւրոպական խումբերու: Գործող ախոյեանն է Ռիատի,...

Քիքպոքսինկ. Ճորճիօ Պետրոսեան – Թայլանտցի Փեչմորաքոթ Ճակատումը Պիտի Կրկնուի

Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցած «Ուորլտ կրան փրի» մրցաշարքի քառորդ աւարտականին, Քիքպոքսինկի «ՔԷՅ-1»-ի մարտիկ, Իտալիոյ մէջ բնակող հայազգի Ճորճիօ (Գէորգ) Պետրոսեան կէտերով պարտուեցաւ Փեչմորաքոթ Փեչինտի Աքատեմիէն (Թայլանտ): Մենամարտը կատարուեցաւ կիսաթեթեւ քաշային կարգին մէջ: Ճորճիօ Պետրոսեան (ձախին) «ՈՒԱՆ» ախոյեանութեան տնօրէն Շաթրի Սիթիոտթոնկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, թէ այս մենամարտին արդիւնքը չեղեալ կը յայտարարուի` իրաւարարներու վիճելի որոշումներուն պատճառով: Անոնք դարձեալ իրարու...

«Քալչիօ».  Այսօր` Լացիօ Ռոմա –  Ա. Սէ. Միլան

«Քալչիօ» Շաբաթավերջին Կ՛աւարտի 2018-2019

Եւրոպական ֆութպոլի հինգ առաջնահերթ ախոյեանութիւններուն մէջ (Անգլիա, Իտալիա, Սպանիա, Գերմանիա եւ Ֆրանսա) վերջին աւարտողը պիտի ըլլայ «Քալչիօ»-ն, երբ շաբաթավերջին տեղի ունենան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան տիտղոսը բաւական առաջ ապահովեց Եուվենթուս, մինչ փոխախոյեան հանդիսացաւ Նափոլի: Անոնց ետին, խումբերէն ոմանք, պիտի մրցին յառաջիկայ տարեշրջանին գծով «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն տոմս մը ապահովելու: Ֆրոսինոնէ (19-րդ) եւ...

«Ճունիոր-Էն. Պի. Էյ.»- «Էլ. Էյ. Եու.» Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Գ. Հանգրուանի Մրցումները Տեղի Ունեցան Հետաքրքրական Մթնոլորտի Մէջ

Յաջորդաբար երրորդ շաբաթն ըլլալով տեղի ունեցան «Ճունիոր- Էն. Պի. Էյ.» - «Էլ. Էյ. Եու.» պասքեթպոլի մրցումները, յատկացուած` 14 տարեկանէն վար դպրոցականներու, տղոց եւ աղջկանց խառն խումբերու, մասնակցութեամբ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն վարժարաններու եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Գ. հանգրուանի այս մրցումները տեղի ունեցան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ` նկատի ունենալով, որ շուտով կարգ մը խումբեր դուրս կը մնան մրցաշարքէն, մինչ ուրիշներ...

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ – Արարատ Մրցումին Իրաւարարները` Սպանիայէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանի Փիւնիկ - Արարատ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սպանիայէն: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Անթոնիօ Մաթէու Լաոս: Ան 2008-էն ի վեր կը սուլէ Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն, իսկ 2011-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ին կողմէ նկատի կ՛առնուի միջազգային մրցումներու ընթացքին: Ալաշկերտ - Բանանց մրցումին կեդրոնի իրաւարարն է Զաւէն Յովհաննիսեան, իսկ Գանձասար...

«Էն. Պի. Էյ.» Ռեփթըրզ – Պաքս` 3-2

«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցաւ արեւելեան շրջանի աւարտականի հինգերորդ ճակատումը, որուն ընթացքին Միլուոքի Պաքս հիւրընկալեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը: Նախքան այս ճակատումը, արդիւնքը կ՛ընթանար 2-2 հաւասարութեամբ: Ռեփթըրզ, արձանագրելէ ետք 105-99 արդիւնքով յաղթանակ մը, այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Պաքսը: Քաուհի Լէոնարտ (աջին) Ռեփթըրզէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 35 կէտ, մինչ Պաքսէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ` 24 կէտ: Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու...

Սպանական Ֆութպոլ. Այսօր` Պարսելոնա – Վալենսիա Աւարտական Մրցումը

Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտական ճակատումը` Պարսելոնայի եւ Վալենսիայի միջեւ, տեղի կ՛ունենայ այսօր շաբաթ, 25 մայիսին, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Ալպերթօ Ունտիանօ, մինչ նկատի առնուած դաշտն է Էսթատիօ Պենիթօ Վիլամարէն:

Փարիզ Սեն Ժերմենի Նախագահը 3,5 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Կաշա՞ռք Տուած Է

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ, քաթարցի գործարար Նասեր Խելայֆի կը գտնուի քիչ մը նեղ կացութեան մէջ: Քաթարեան «Պի. Ին.-ՍՓՈՐԹՑ» մարզական պատկերասփիւռի ընկերութեան սեփականատէրը կը մեղադրուի, որ 2017-2019 տարիներուն աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւններու կայացման վայրի ընտրութեան 3,5 միլիոն ամերիկեան տոլար կաշառք տուած է: Ան արդէն իսկ կը հարցաքննուի այդ հարցով: 2017-ի աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, իսկ 2019-ին ատոր իրաւունքը...

Պարսելոնա Տարեշրջանը Կը Նկատէ Յաջողած Եւ Պիտի Չփոխէ Իր Մարզիչը

Քաթալոնական Պարսելոնա ակումբի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու 2018-2019 տարեշրջանը կը նկատէ յաջողած, իսկ խումբի գլխաւոր մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէն պաշտօնանկ ընելու ոչ մէկ պատճառ կը տեսնէ: «Մենք լաւ ձեւով սկսանք տարեշրջանը` տիրանալով Սպանիոյ գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, դարձանք Սպանիոյ ախոյեան եւ յոյս ունինք տիրանալու նաեւ Սպանիոյ բաժակի մրցաշարքին: Այս բոլորին մէջ իր մեծ ներդրումը ունի Վալվերտէն` իր տքնաջան աշխատանքով: «Թէեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ին...

Մոտրիչ Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Երկարաձգէ Ռէալ Մատրիտի Հետ

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ, 2018-ի ոսկիէ գնդակի դափնեկիր Լուքա Մոտրիչ իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ իր ակումբին հետ: Արքայական ակումբի մարզիչ Զինետին Զիտան ըսաւ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի համագործակցի ֆութպոլիստին հետ: Մոտրիչով հետաքրքրուած էր նաեւ Ինթեր Միլան:  

Ռոպեն Հաւանաբար Միանայ Լայսթըրին

Պայէրն Միւնիխի հոլանտացի ֆութպոլիստ Արժեն Ռոպեն շատ հաւանաբար այս ամրան ընթացքին ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակով հեռանայ իր ակումբէն: Ըստ «Տէյլի-Մէյլ»-ին, ան շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ անգլիական Լայսթըր Սիթիի հետ: «Պունտըսլիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանին ան 12 մրցում կատարելով նշանակեց 4 կոլ:

«Եւրոպայի-Լիկա». Անգլիացի Համակիրները Կը Հրաժարին Մեկնիլ Պաքու

Անգլիական «Տը Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, լոնտոնեան երկու խումբերուն` Արսենալի եւ Չելսիի միջեւ տեղի ունենալիք «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին նախօրեակին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան), երկու ակումբները միասնաբար «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պիտի վերադարձնեն 6000 տոմս, որովհետեւ անոնց համակիրներէն շատեր կը հրաժարին մեկնիլ Պաքու: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն անոնց տրամադրած է 5800-ական տոմս, ինչ որ մարզադաշտին տեղերուն տասը առ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Թունուզցի Ժարայա Նշանակուեցաւ Նըժմէի Մարզիչ

Նըժմէի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ թունուզցի Թարեք Ժարայա նշանակուեցաւ ակումբի ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ: Լիբանանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ընթացքին Նըժմէ չկրցաւ տպաւորել իր համակիրները` արձանագրելով ոչ համոզիչ արդիւնքներ: Իր պաշտօնէն հեռացած մարզիչ Մուսա Հըժէյժ երէկ առաջարկ մը ներկայացնելով ըսաւ, որ կ՛ուզէ ըլլալ Ժարայայի օգնականը

Page 700 of 1279 1 … 699 700 701 … 1,279

Արխիւներ