Շաբաթ, 25 մայիսին, տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտականի ճակատումը երբ Էսթատիօ Պենիթօ Վիլամարենի դաշտին վրայ, ներկայութեամբ աւելի քան 53 հազար հանդիսատեսներու, իրարու դէմ մրցեցան Պարսելոնա եւ Վալենսիա:
Սեւիլլայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս ճակատումը աւարտեցաւ Վալենսիայի յաղթանակով: Վերջինս 2-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն:
Այսպիսով, 11 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Վալենսիա տիրացաւ տիտղոսին` իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով:
Վալենսիայի կոլերը նշանակեցին Քեւին Կամէյրօ (21-րդ) եւ Ռոտրիկօ (33-րդ), իսկ Պարսայի կոլը` Լիոնել Մեսսի (73-րդ):
Իր նշանակած այս կոլին շնորհիւ, 31 տարեկան Մեսսի յաջողեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին նոր մրցանիշ մը հաստատել` որ հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ աւարտականի վեց մրցումներու ընթացքին կոլեր կը նշանակէ: