
Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտական ճակատումը` Պարսելոնայի եւ Վալենսիայի միջեւ, տեղի կ՛ունենայ այսօր շաբաթ, 25 մայիսին, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Ալպերթօ Ունտիանօ, մինչ նկատի առնուած դաշտն է Էսթատիօ Պենիթօ Վիլամարէն: