Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգ – Բ. դասակարգ փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 մայիսին Ղազիրի դաշտին վրայ իրարու դէմ յանդիման եկան Սաժես եւ Թատամոն:
Սաժես գրաւեց Ա. դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան 9-րդ եւ վերջին դիրքը, մինչ Թատամոն` Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը:
Անոնց միջեւ կատարուելիք երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի իր տոմսը:
Սաժես 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Թատամոնը` 20 կէտի տարբերութեամբ` 90-70 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (15-19, 27-11, 14-28, 30-16):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թատամոնէն Մայքըլ Նար (27), մինչ Սաժեսէն 15-ական կէտ նշանակեցին Ալաէտտին Առնաութ եւ Ազիզ Ապտելմասիհ:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 30 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ (Ճիւնի):



