Յաջորդաբար երրորդ շաբաթն ըլլալով տեղի ունեցան «Ճունիոր- Էն. Պի. Էյ.» – «Էլ. Էյ. Եու.» պասքեթպոլի մրցումները, յատկացուած` 14 տարեկանէն վար դպրոցականներու, տղոց եւ աղջկանց խառն խումբերու, մասնակցութեամբ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն վարժարաններու եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Գ. հանգրուանի այս մրցումները տեղի ունեցան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ` նկատի ունենալով, որ շուտով կարգ մը խումբեր դուրս կը մնան մրցաշարքէն, մինչ ուրիշներ կ՛ապահովեն փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի որդեգրած ձեւին նման:
Մրցաշարքի տիտղոսակիրը իրաւունք կը ստանայ յուլիսին Օրլանտոյի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) իր մասնակցութիւնը բերելու միջազգային մրցաշարքին:



