«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի աւարտականը եզրափակուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս վեցերորդ ճակատումը:
Ռեփթըրզ հանդիսացաւ այս շրջանի ախոյեան, երբ գերազանցեց իր մրցակիցը` 4-2 արդիւնքով:
Երէկուան այս մրցումին Ռեփթըրզ արձանագրեց 100-94 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 27 կէտ, մինչ Պաքսէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ` 21 կէտ:
Ուրբաթ, 31 մայիսին տեղի կ՛ունենայ աւարտականի առաջին ճակատումը, երբ Ռեփթըրզ Թորոնթոյի մէջ կը հիւրընկալէ արեւմտեան շրջանի ախոյեան հանդիսացած եւ երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը: