Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի Մրցակիցները` Նորվեկիոյ Մրցաշարքին

4-15 յունիսին Նորվեկիոյ Սթաւակներ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Ալթիպոքս»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան: Արոնեան իրեն մրցակից պիտի ունենայ աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընը, Ֆապիանօ Քարուանան (Միացեալ Նահանգներ), Տին Լիրենը (Չինաստան), Մաքսիմ-Վաշիէ Լակրաւը (Ֆրանսա), Վիշվանաթան Անանտը (Հնդկաստան), Ալեքսանտր Կրիսչուքը (Ռուսիա), Ուեսլի Սոն (Միացեալ Նահանգներ), Եանյի Եույը (Չինաստան) եւ Շահրիար Մամետեարովը...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Ճոքովիչ Եւ Սերենա Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Ճոքովիչ Եւ Սերենա Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի միջազգային կրան շլեմի Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 6-1, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց զուիցերիացի Հանրի Լաաքսոնընը, որ կը գրաւէ 104-րդ դիրքը: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 33 վայրկեան: Գ. հանգրուանին ան պիտի մրցի իտալացի Սալվաթորէ Քարուսոյի դէմ:...

«Ֆորպզ» Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ֆութպոլի 20 Ակումբները

«Ֆորպզ»-ի հրապարակուած աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլի լաւագոյն 20 ակումբներուն մէջ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտը, որուն արժէքը կը գնահատուի 4,239 միլիառ ամերիկեան տոլարով: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնա (4,021 միլիառ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Մանչեսթըր Եունայթըտ (3,808 միլիառ): Պայէրն Միւնիխ կը գրաւէ չորրորդ դիրքը (3,024), մինչ Մանչեսթըր Սիթի` հինգերորդ դիրքը (2,688): Ապա անոնց ետին 6-րդէն 20-րդ դիրքերը...

Չելսիի Յաղթանակին Շնորհիւ Լիոն Ապահովեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Խմբային Հանգրուանի Իր Տոմսը

Նախանցեալ օր լոնտոնեան Չելսիի` «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսը տիրանալը պատճառ դարձաւ, որ ֆրանսական Լիոն խումբը, ապահովէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի խմբային հանգրուանի իր տոմսը: Լիոն իր մրցումներուն պէտք էր սկսէր, զտումի մրցաշարքէն, սակայն Չելսի իր այդ տոմսը արդէն իսկ ապահոված էր «Փրեմիեր-լիկ»-էն: «Չեմփիընզ լիկ»-ի խմբային հանգրուանի իր տոմսը կ՛ապահովէ նաեւ «Եւրոպայի լիկա»-ին յաղթականը: Այժմ զտումի այդ մրցաշարքին Լիոնը փոխարինողը...

Ռէալ Մատրիտ Պիտի Ներկայացնէ Էտեն Հազարը

Սպանական ԱՍ մարզական օրաթերթը հաստատեց, որ Չելսիի միջնապահ Էտեն Հազար պիտի տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ: Օրաթերթը նշեց, որ եթէ որեւէ անակնկալ չպատահի, արքայական ակումբը 3 յունիսին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր 28 տարեկան միջնապահը` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ: ԱՍ մէջբերած է Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի այս ուղղութեամբ կատարած մէկ յայտարարութիւնը:  

Քոնթէ Նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի Մարզիչ

Քոնթէ Նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի Մարզիչ

Իտալացի մասնագէտ Անթոնիօ Քոնթէ նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի մարզիչ: «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» յայտնեց, որ 49 տարեկան մարզիչը իտալական ակումբին հետ կնքեց 3 տարուան պայմանագրութիւն մը: Նշուեցաւ, որ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի կազմէ 9 միլիոն եւրօ: Այլ գետնի վրայ, ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Լուչիանօ Սփալեթթի, ներկայացուց իր հրաժարականը եւ հեռացաւ խումբէն: Ան խումբին մարզիչն էր 2017-էն ի...

Սերճիօ Ռամոս Կը Պատրաստուի Լքելու Իր Ակումբը

Սպանական մամուլին համաձայն, վերջին շրջանին բաւական վատթարացած են Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոսի եւ ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի յարաբերութիւնները: Ասոր ի տես, Ռամոս որոշած է հեռանալ Մատրիտէն եւ այլ կազմի մը միանալ: Սակայն յստակօրէն չի նշուիր, թէ ան ո՛ր կազմին պիտի միանայ: Նշուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է Ռամոսի ստորագրութիւնը ձեռք ձգել ուզող ակումբէն գանձելու 100 միլիոն եւրօ: Ան այս...

Մխիթարեան Տիրական Ներկայութիւն Մը Եղաւ Պաքուի Մէջ

Մխիթարեան Տիրական Ներկայութիւն Մը Եղաւ Պաքուի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, թէեւ երէկ իր կազմին հետ ներկայ չգտնուեցաւ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած «Եւրոպայի լիկա»-ի աւարտականի մրցումին (Չելսիի դէմ) սակայն, ան հոն եղաւ տիրական ներկայութիւն մը շնորհիւ իր համակիրներուն, որոնք անդադար կանչեցին անոր անունը եւ հագնելով անոր շապիկը, հակառակ երկրին իշխանութիւններուն թափած մեծ ճիգերուն` այդ երեւոյթին արգելք հանդիսանալու համար:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Անսար Հուարա, Ամալ Սալամ Զղարթա Եւ Նահտա Այն Պաալ Տուգանուեցան, Իսկ Անոնց Բոլոր Կէտերը Չեղեալ Նկատուեցան

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Ահտ Եւ Անսար Տուգանքի Ենթարկուեցան

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական ժողովին վաւերացուց Ահտ - Անսար Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին արդիւնքը, որ վերջ գտաւ ի նպաստ Լիբանանի ախոյեան Ահտի` 1-0 արդիւնքով: Ահտ երկու միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը ստացաւ, մինչ Անսար` մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Շապապ Սահել Ռիատի միացաւ պիչ-ֆութպոլի ընտանիքին: Կազմուեցաւ ֆութսալի 20 տարեկանէն վար Լիբանանի տղոց ազգային խումբը,...

Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեան Տիտղոսակիր` Ղազախստանի Մէջ

Ողիմպիական խաղերու աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին իր արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ դարձաւ տիտղոսակիր: Արթուր Ալեքսանեան (ձախէն` երկրորդը) 97 քկ դասակարգին մէջ, գիւմրեցի մարզիկը չորս յաղթանակ արձանագրելէ ետք ապահովեց աւարտականին իր տոմսը, ուր 3-1 արդիւնքով յաղթեց ռուս Ալեքսանտր Կոլովինի: Ասիկա Ալեքսանեանի առաջին տիտղոսն էր վնասուածքէն ապաքինելէ ետք: Ան վերջին անգամ...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Երէկ` չորեքշաբթի, 29 մայիսին, Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ազգային խումբը մեկնեցաւ Մարսէյ (Ֆրանսա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 30 մայիսէն 4 յունիս տեղի ունենալիք միջերկրականեան ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյր: Անոր մաս կը կազմեն նաեւ Նաում Սաատէ (փոխնախագահ), Պասսամ Նոհրա (ընդհանուր քարտուղար), Ռայան Մըրհեպ (մարզիչ): Իսկ մարզիկներն են` Էլի Պու Ժըպրայել, Միշել Զամմար,...

Մինի Ֆութպոլ. Դրամատուներու Մրցաշարք. Լուպնան Ուալ Մահժար Տիրացաւ Տիտղոսին

«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած դրամատուներու մինի ֆութպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` Իհթիմատ Մասրեֆիի եւ Լուպնան Ուալ Մահժարի միջեւ: Անիկա աւարտեցաւ վերջինին յաղթանակով, որ 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով մրցակից կազմը, հանդիսացաւ 2019 տարուան տիտղոսակիր: Շուրջ երկու ամիս տեւած այս մրցաշարքին մասնակցող բոլոր խումբերը պայքարեցան տիտղոսին տիրանալու համար` մարզական ոգիով կատարելով իրենց մրցումները:      

Անիպալ Զահլէ Տօնախմբեց Ա. Դասակարգ Իր Բարձրացումը

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Անիպալ Զահլէ 2019-2020 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Այս առիթով անիկա յատուկ ընթրիքի երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Թիլալ-Քասսարա» մարզահամալիրին մէջ, տօնախմբեց իր արձանագրած այս նուաճումը` շուրջ չորս հարիւր հրաւիրեալներու ներկայութեան: Անոր ներկայ գտնուեցան նախարար Ֆետի Ժրէյսաթի, երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյս, Սելիմ Աուն, Սեզար Մաալուֆ, շրջանի քաղաքապետներ,...

Ֆութսալ. Լէոն Հանդիսացաւ Հայաստանի Ախոյեան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Լէոն ժամանակէն առաջ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութսալի ախոյեան: Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին, Լէոն, որ Գիւմրիի մէջ յաղթեց Կումայրիին (14-7), 13 մրցումի ընթացքին ապահոված է 39 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արմենիա Թրեվըլ, որ 13-6 արդիւնքով յաղթեց Արմաւիրին, 14 մրցում կատարելէ ետք ապահոված է 31 կէտ: Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երեք հանգրուան: Արմենիա...

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Կարէն Խաչանով Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Կարէն Խաչանով Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Գասպարեան Դուրս Մնաց Շաբաթասկիզբին ընթացք առաւ «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Ռուսահայ Կարէն Խաչանով ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 6-1, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց գերմանացի Սետրիք-Մարսել Շթեփէի դէմ: Այս ճակատումը տեւեց 1 ժամ 39 վայրկեան: Բ. հանգրուանին Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Կրեկուար Պարեր, որ 6-3, 5-7,...

Անգլիական Ֆութպոլ. Ասթոն Վիլա Վերադարձաւ «Փրեմիեր-Լիկ»

Լոնտոնեան «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Ասթոն Վիլա - Տերպի Քաունթի փլէյ-օֆի մրցումին, Ասթոն Վիլա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց «Փրեմիեր-լիկ»-ին իր տոմսը: Անիկա «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ վերջին անգամ ելոյթ ունեցած էր 2015-2016 տարեշրջանին: Անոր հետ միասին, «Փրեմիեր-լիկ»-ի իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Շեֆիլտ Եունայթըտ եւ Նորուիչ Սիթի: Իսկ «Փրեմիեր-լիկ»-էն Ա. դասակարգ փոխադրուեցան Քարտիֆ, Ֆուլհեմ եւ Հատըրսֆիլտ:  

Գերմանական Ֆութպոլ.  Եունիըն Պերլին Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Գերմանական Ֆութպոլ. Եունիըն Պերլին Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Պերլինեան Եունիըն ֆութպոլի խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենայ Գերմանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ին մէջ, 2019-2020 տարեշրջանին: Փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, անիկա թէեւ իր դաշտին վրայ դարձի մրցումին արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, սակայն նկատի ունենալով, որ երթին Շթութկարթի դաշտին վրայ արձանագրած էր 2-2 հաւասարութիւն մը, օգտուեցաւ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն եւ բարձրացաւ...

Կաթուզօ Հեռացաւ Ա. Սէ. Միլանէն

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի գլխաւոր մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ լքեց իր ակումբը: Ան յայտնեց, որ թէեւ ատիկա դժուար որոշում մըն էր, բայց պէտք է հաշտուիլ անոր հետ: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի աւարտած տարեշրջանին Ա. Սէ. Միլան գրաւեց դասաւորման 5-րդ դիրքը եւ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով ապահովեց «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքի իր տոմսը: Կաթուզօ, որ նոյեմբեր 2017-ին նշանակուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ, իր կազմին...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Տղոց Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ախոյեանութեան (16 տարեկանէն վար) մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 46-34 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քաննուպին Պշարրէն: Իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանգրած էր այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը (64-44 արդիւնքով)` Ամալ Հատաս Ժըպպէի կազմին դէմ:

Պաշտօնական Բացում «Սումմիէ Տումեթ Տօ Սլիմ» Մարզահամալիրին` Պիքֆայայի Մէջ

Էներժի Հանդիսացաւ Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Դասակարգի Լիբանանի Ախոյեան PROFOTO Երէկ` կիրակի, 26 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցաւ «Սումմիէ Տումեթ Տօ Սլիմ» մարզահամալիրին պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժեմայել, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սեմի Ժեմայել, երեսփոխան Նետիմ Ժեմայել, Պիքֆայա - Մըհայտսէի քաղաքապետ Նիքոլ Ժեմայել, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի...

Page 699 of 1279 1 … 698 699 700 … 1,279

Արխիւներ