Յատուկ հանդիպում-ժողովի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը:
Մրցաշարքի կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահն է Ֆիտաա Սայտայի նախագահ Նիզար Ռաուաս, մինչ յանձնախումբին մաս կը կազմեն Հիշամ Ժըրատի եւ Սուպհի Քըպլաուի:
Յանձնախումբը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին համամտութիւնը ստանալէ ետք որոշեց մրցաշարքը կայացնել 10-18 սեպտեմբերին` մասնակցութեամբ տեղական, արաբական եւ եւրոպական խումբերու:
Գործող ախոյեանն է Ռիատի, որ նախորդ տարի աւարտականին յաղթեց Նաժըմ Ռատեսիի (Թունուզ):