Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ, քաթարցի գործարար Նասեր Խելայֆի կը գտնուի քիչ մը նեղ կացութեան մէջ:
Քաթարեան «Պի. Ին.-ՍՓՈՐԹՑ» մարզական պատկերասփիւռի ընկերութեան սեփականատէրը կը մեղադրուի, որ 2017-2019 տարիներուն աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւններու կայացման վայրի ընտրութեան 3,5 միլիոն ամերիկեան տոլար կաշառք տուած է: Ան արդէն իսկ կը հարցաքննուի այդ հարցով:
2017-ի աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, իսկ 2019-ին ատոր իրաւունքը տրուեցաւ Քաթարին, որ շրջանցեց Պարսելոնան, ինչ որ կասկածի մեծ դուռ բացաւ այդ գծով:
Խելայֆի կը մեղադրուի նաեւ այն հարցով, որ այլ առիթով մը ՖԻՖԱ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէին կաշառք տուած է: