Քաթալոնական Պարսելոնա ակումբի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու 2018-2019 տարեշրջանը կը նկատէ յաջողած, իսկ խումբի գլխաւոր մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէն պաշտօնանկ ընելու ոչ մէկ պատճառ կը տեսնէ:
«Մենք լաւ ձեւով սկսանք տարեշրջանը` տիրանալով Սպանիոյ գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, դարձանք Սպանիոյ ախոյեան եւ յոյս ունինք տիրանալու նաեւ Սպանիոյ բաժակի մրցաշարքին: Այս բոլորին մէջ իր մեծ ներդրումը ունի Վալվերտէն` իր տքնաջան աշխատանքով:
«Թէեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ին ձախողութեան մատնուեցանք, բայց ատոր մէջ մեղաւորը միայն մարզիչը չէր», ըսաւ Փարթոմէու: