«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ, 2018-ի ոսկիէ գնդակի դափնեկիր Լուքա Մոտրիչ իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ իր ակումբին հետ:
Արքայական ակումբի մարզիչ Զինետին Զիտան ըսաւ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի համագործակցի ֆութպոլիստին հետ:
Մոտրիչով հետաքրքրուած էր նաեւ Ինթեր Միլան: