Նըժմէի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ թունուզցի Թարեք Ժարայա նշանակուեցաւ ակումբի ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ:
Լիբանանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ընթացքին Նըժմէ չկրցաւ տպաւորել իր համակիրները` արձանագրելով ոչ համոզիչ արդիւնքներ:
Իր պաշտօնէն հեռացած մարզիչ Մուսա Հըժէյժ երէկ առաջարկ մը ներկայացնելով ըսաւ, որ կ՛ուզէ ըլլալ Ժարայայի օգնականը