Մարզական

Կռփամարտ. Եւրոպական Խաղեր. Հրապարակուեցան Հայաստանի Հաւաքականներուն Կազմերը

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուդիկ Մկրտչեան հրապարակեց հաւաքականներուն կազմերը, որոնք պիտի մասնակցին 21-30 յունիսին Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Տղոց կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ կռփամարտիկներէն. Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ), Էրիք Պետրոսեան (56 քկ), Հրայր Շահվերդեան (60 քկ), Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ), Կորիւն Ասթոյեան (69 քկ), Արման Դարչինեան (75 քկ), Հենրիկ Սարգսեան (91...

Հայկական Ֆութպոլ. Արցախ – Արարատ Արմենիա Մրցումին Իրաւարարները` Սպանիայէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 35-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք Արցախ - Արարատ Արմենիա մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սպանիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Խաւիէ Էսթրատա Ֆեռնանտես, որ բաւական փորձառու իրաւարար մը կը նկատուի: Ան 2009-էն ի վեր կը սուլէ «Լա լիկա»-ի ախոյեանութեան մրցումները, իսկ 2013-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ին կողմէ նկատի...

Կուարտիոլա Համաձայն` Գլխաւորելու Համար Եուվենթուսը

Իտալական մամուլը յայտնեց, որ քանի մը օր առաջ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի եւ Եուվենթուսի ղեկավարութեան միջեւ հանդիպումը ընթացած է բաւական դրական մթնոլորտի մը մէջ, եւ Կուարտիոլա համաձայն գտնուած է ստանձնելու ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Կը նախատեսուի, որ ան չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ Եուվէի հետ: Եուվէի միանալով, Եոսիփ Կուարտիոլա պիտի ստանայ տարեկան 24 միլիոն եւրօ աշխատավարձք, մինչ Սիթիի հետ...

Մարատոնա Ձերբակալուեցաւ Պուէնոս Այրեսի Օդակայանին Մէջ

Մեքսիքական Տորատոս ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Մարատոնա ձերբակալուեցաւ Պուէնոս Այրեսի օդակայանին մէջ, յայտնեց «Տը Սան»-ը: Արժանթինցի մարզիչը Մեքսիքայէն կը վերադառնար հայրենիք, երբ օդակայանին մէջ ձերբակալուեցաւ: Աւելի ուշ յստակացաւ, որ անոր նախկին ընկերուհին` Ռոզիօ Օլիվա, դատ բացած է անոր դէմ` անկէ պահանջելով 5,6 միլիոն ամերիկեան տոլար փոխհատուցում: Դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13 յունիսին: Օլիվա վեց տարի մնացած է 58 տարեկան...

Եուլիըն Պրենտըն Միացաւ Պորուսիա Տորթմունտի

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն` Պորուսիա Տորթմունտի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Պայէր Լեւերքուզընի գերմանացի միջնապահ Եուլիըն Պրենտըն միացաւ խումբին: Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին 23 տարեկան մարզիկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024: Ըստ գերմանական մամուլին, Տորթմունտին անոր փոխանցումը արժեց 25 միլիոն եւրօ: Ան «Պունտըսլիկա»-ի աւարտած ախոյեանութեան 33 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 7 կոլ եւ կատարեց 15 էսիսթ: Ան 2014-էն ի...

Զիտան 600 Միլիոն Եւրօ Պիտի Ստանայ Փոխանցումներու Համար

Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես ակումբի գլխաւոր մարզիչ ֆրանսացի Զինետին Զիտանի տրամադրութեան տակ դրած է 600 միլիոն եւրօ` մարզիկներու փոխանցման համար: Ամրան ընթացքին Զիտան լուրջ աշխատանք ունի ընտրելու նոր մարզիկներ: Նշուեցաւ, որ ֆրանսացի մասնագէտին պահանջով Ռէալ պիտի փորձէ ձեռք ձգել նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի 20 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Մպափէն: Ամրան ընթացքին արքայական ակումբին պիտի միանան...

Սպանական Ֆութպոլ. Թեր Շթիկըն Բացակայ` Վալենսիայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Աւարտական Մրցումէն

Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթիկըն իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Վալենսիայի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 մայիսին, Սեւիլլայի մէջ: 27 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ չէ ապաքինած ծունկէն ստացած իր վնասուածքէն: Ան այս տարեշրջանին, Պարսելոնայի հետ կատարեց 49 մրցում եւ իր բերդին մէջ ստացաւ 43 կոլ: Սակայն ան 23 մրցումի ընթացքին իր...

Քաքա Կը Փափաքի Վերադառնալ Ա. Սէ. Միլան

Պրազիլցի նախկին ֆութպոլիստ Քաքա հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ կը մտադրէ վերադառնալ ֆութպոլի աշխարհ: «Պատրաստ եմ վերադառնալու ֆութպոլի աշխարհ, սակայն իբրեւ թեքնիք պատասխանատու: Այս գծով իմ դասընթացքներս կ՛աւարտեմ օգոստոսին: Փափաքս է, որ գործակցիմ Ա. Սէ. Միլանի հետ, որովհետեւ անոր հետ անցեալին ունեցած եմ անմոռանալի յիշատակներ», ըսաւ Քաքա:

Տիւաթլոն – Այնճար.  92 Երկսեռ Մարզիկներ Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին Յիշատակելի Մրցումի Մը

Տիւաթլոն – Այնճար. 92 Երկսեռ Մարզիկներ Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին Յիշատակելի Մրցումի Մը

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան թրիաթլոնի յանձնախումբին, կիրակի, 19 մայիսին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ տիւաթլոնի մրցումը (վազք եւ հեծելարշաւ): Առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ մրցումին մասնակիցները հաւաքուեցան Այնճարի բերդին դիմաց, ուրկէ պիտի սկսէր մրցումը: 92 երկսեռ մարզիկները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին անոր` անցնելով պարտէզներուն մէջէն եւ բերդին շրջակայքէն, ինչպէս նաեւ վայելելով Այնճարի գեղեցիկ բնութիւնը: Այս մրցումին ազդանշանը տուաւ Այնճարի քաղաքապետ...

Աթլեթիզմ. Շանթ Ահարոնեան Միացաւ Լիբանանի Ազգային Խումբին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Աթլեթի ներկայացուցչական մարզիկ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Շանթ Ահարոնեան, վերջին 4 տարիներու իր արձանագրած նուաճումներուն եւ վերջին հանգրուանին ներկայացուցած արդիւնքներուն հիմամբ, ընտրուեցաւ Լիբանանի ազգային խումբին մաս կազմելու եւ մասնակցելու 16 տարեկան եւ վար Արաբական աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Թունուզի մէջ, 4-էն 7 յուլիս 2019-ին: Ան Լիբանանը ներկայացնող 8 մարզիկներէն մէկն է:...

«Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Չմեկնի Պաքու»  Յայտարարեց Արսենալ

«Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Չմեկնի Պաքու» Յայտարարեց Արսենալ

Չորեքշաբթի, 29 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, երբ Պաքուի մէջ իրարու դէմ պիտի մրցին անգլիական երկու կազմեր` Արսենալ եւ Չելսի: Վերջին շրջանին բաւական տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, թէ արդեօք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր խումբին` Արսենալի հետ պիտի մեկնի՞ Պաքու: Այդ տարաձայնութիւններն ու խօսակցութիւնները վերջ գտան, երբ Արսենալ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Անսար – Ահտ Բաժակի Մրցաշարքի Աւարտականը` Շաբաթ, 25 Մայիսին, Ժամը 22:30-ին

Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին վաւերացուց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն արդիւնքները: Այսպիսով, Անսար եւ Ահտ, որոնք հասան աւարտականին, շաբաթ, 25 մայիսին, երեկոյեան ժամը 22:30-ին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ պիտի մրցին իրարու դէմ: Մրցումին հսկող նշանակուած է Ալի Այուպ: Ֆետերասիոնը Անսարը տուգանքի ենթարկեց հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիով: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Մահապպէ Թրիփոլի եւ...

«Էն. Պի. Էյ.» Ռեփթըրզ – Պաքս` 2-2

Այնպէս կը թուի, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի աւարտականը քիչ մը պիտի երկարի` նկատի ունենալով, որ երէկ Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր դաշտին վրայ 120-102 արդիւնքով յաղթելով Միլուոքի Պաքսին, արդիւնքը հաւասարեցուց 2-2-ի: Քայլ Լովրի Յաղթական կազմէն Քայլ Լովրի նշանակեց 25 կէտ, իսկ Պաքսէն Քրիս Միտըլթոն` 30:

Չելսի Քոնթէին Պիտի Վճարէ 9 Միլիոն Սթերլինկ

Անգլիական «Տը Թայմզ» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, իտալացի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ իր դատը շահեցաւ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին դէմ: 49 տարեկան մասնագէտը անգլիական ակումբէն պիտի ստանայ 9 միլիոն սթերլինկ փոխհատուցում, նախորդ ամառ իր աշխատանքային պայմանագրութեան ժամանակէն առաջ միակողմանի խզման համար: Չելսիի ղեկավարութիւնը բողոք պիտի չներկայացնէ դատարանին տուած այս որոշումին դէմ: Չելսիի ռուս սեփականատէր Ռոման Ապրամովիչի ժամանումէն ի վեր Չելսի մարզիչներու...

Մամլոյ Ասուլիս` «Ռիմալ»-ի Մէջ.  13-14 Յուլիսին Լիբանան  Կը Հիւրընկալէ «Ռետ-Պուլ»-ի Սուզումի Ախոյեանութեան  5-րդ Հանգրուանը

Մամլոյ Ասուլիս` «Ռիմալ»-ի Մէջ. 13-14 Յուլիսին Լիբանան Կը Հիւրընկալէ «Ռետ-Պուլ»-ի Սուզումի Ախոյեանութեան 5-րդ Հանգրուանը

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հրաւիրեալներ, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 13-14 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ «Ռետ-Պուլ»-ի ցատկելով սուզումի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռաուշէի հանրածանօթ ժայռին վրայէն եւ որ կ՛իյնայ «Ռետ-Պուլ»-ի սուզումի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Այս մամլոյ ասուլիսին, որ տեղի ունեցաւ «Ռիմալ»-ի համալիրին մէջ (Զուք Մոսպեհ), ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալեքսանտր...

Ռասինկ Եւ Սալամ Զղարթա Կ՛ուզեն Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Հրաժարականը

Ռասինկ Պէյրութ ակումբի պատուոյ նախագահ, նախկին նախարար Միշել Ֆարաոն ընդունեց Սալամ Զղարթայի նախագահ Սթեֆան Ֆրենժիէն, Ռասինկի նախագահ Ժորժ Ֆարահը, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Սիմոն Տուէյհին, ինչպէս նաեւ երկու ակումբներու պատասխանատու այլ անձեր: Ժողովականները քննարկեցին միայն ֆութպոլի վերաբերեալ հարցեր` նշելով, որ երկու ակումբներն ալ կը պահանջեն Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրաժարականը` նկատի ունենալով, որ կը կատարուին ոչ օրինական քայլեր եւ կարգ մը...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին Կը Սկսի Տղոց 2019-2020 Տարեշրջանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը` Գերբաժակի Մրցումով

Նախագահութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ ներկայութեամբ ֆետերասիոնի անդամներուն մեծամասնութեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր նիստը` քննարկելով օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Յայտարարուեցաւ, որ կիրակի, 7 յուլիսին պիտի սկսի Լիբանանի տղոց 23 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, մինչ կիրակի, 22 սեպտեմբերին, ազդանշանը պիտի տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանոթեան 2019-2020 տարեշրջանին` Լիբանանի գերբաժակի մրցումով,...

Լիբանանի Քոնկ Ֆու- Ուու Շուի Ախոյեանութիւն. Սանթրալ Ժունիէ Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Պուտտա - Ատմայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քինտայի տարիքային ախոյեանութիւնը (6-11 տարեկան)` մասնակցութեամբ 96 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Պուտտա - Ատմա, Ռըսոլ - Ճիւնի, Պել Հորիզոն - Ատմա, Շաուլին - Պէյրութ, Շեպիպէ - Շիահ, Լուէյզի - Զուք Մոսպեհ եւ Սանթրալ - Ճիւնի: Ընդհանուր դասաւորման մէջ, Սանթրալ - Ճիւնի...

Եւրօ-2020. Յունաստան – Հայաստան Մրցումին Տոմսերը Սկսան Վաճառուիլ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ արդէն իսկ հրապարակի վրայ կարելի է գտնել Յունաստան - ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին տոմսերը: 11 յունիսին տեղի ունենալիք այս մրցումին, Հայաստանի հաւաքականի համակիրներուն համար յատկացուած են Աթէնքի ողիմպիական մարզադաշտին 19-րդ եւ 21-րդ բաժինները: Տոմսերուն գինն է 20 եւրօ: Զանոնք կարելի է ձեռք ձգել միայն առցանց դրութեամբ:

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Հանդիսացաւ Արեւմտեան Շրջանի Ախոյեան` Ապահովելով Աւարտական Վերջին Հանգրուանի Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւմտեան շրջանի աւարտական մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը եւ 4-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը հանդիսացաւ այս շրջանի ախոյեան: Այժմ անիկա պիտի սպասէ արեւելեան շրջանի ախոյեանին անունը, որպէսզի անոնց միջեւ տեղի ունենան աւարտական վերջին հանգրուանի ճակատումները` յստակացնելու համար նոր ախոյեանին անունը: Արեւելեան շրջանի աւարտականին, այժմ Միլուոքի Պաքս,...

Page 701 of 1279 1 … 700 701 702 … 1,279

Արխիւներ