Սպանական մամուլին համաձայն, վերջին շրջանին բաւական վատթարացած են Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոսի եւ ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի յարաբերութիւնները:
Ասոր ի տես, Ռամոս որոշած է հեռանալ Մատրիտէն եւ այլ կազմի մը միանալ: Սակայն յստակօրէն չի նշուիր, թէ ան ո՛ր կազմին պիտի միանայ:
Նշուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է Ռամոսի ստորագրութիւնը ձեռք ձգել ուզող ակումբէն գանձելու 100 միլիոն եւրօ:
Ան այս տարեշրջանին Ռէալի հետ կատարեց 42 մրցում: