«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած դրամատուներու մինի ֆութպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` Իհթիմատ Մասրեֆիի եւ Լուպնան Ուալ Մահժարի միջեւ:
Անիկա աւարտեցաւ վերջինին յաղթանակով, որ 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով մրցակից կազմը, հանդիսացաւ 2019 տարուան տիտղոսակիր:
Շուրջ երկու ամիս տեւած այս մրցաշարքին մասնակցող բոլոր խումբերը պայքարեցան տիտղոսին տիրանալու համար` մարզական ոգիով կատարելով իրենց մրցումները: