Նախանցեալ օր լոնտոնեան Չելսիի` «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսը տիրանալը պատճառ դարձաւ, որ ֆրանսական Լիոն խումբը, ապահովէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի խմբային հանգրուանի իր տոմսը:
Լիոն իր մրցումներուն պէտք էր սկսէր, զտումի մրցաշարքէն, սակայն Չելսի իր այդ տոմսը արդէն իսկ ապահոված էր «Փրեմիեր-լիկ»-էն:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի խմբային հանգրուանի իր տոմսը կ՛ապահովէ նաեւ «Եւրոպայի լիկա»-ին յաղթականը:
Այժմ զտումի այդ մրցաշարքին Լիոնը փոխարինողը պիտի ըլլայ թրքական Իսթանպուլ Պաշաքշեհիրը:
Այլ գետնի վրայ, Արսենալի դէմ Չելսիի յաղթանակը (4-1) եղաւ իւրայատուկ անոր իտալացի մարզիչ Մաուրիցիօ Սարիի համար` նկատի ունենալով, որ 60 տարեկան մասնագէտը մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տիտղոսի մը յաջողեցաւ տիրանալ:
Ասոր զուգահեռ, Արսենալի սպանացի մարզիչը` Ունայ Էմերի, առաջին անգամ ըլլալով աւարտականին պարտութիւն կրեց:
Նախապէս ան երեք անգամ հասած էր աւարտականին եւ երեքին ալ դարձած տիտղոսակիր (Սեւիլլայի հետ):
Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով Արսենալ պիտի բացակայի «Չեմփիընզ լիկ»-էն: