Ողիմպիական խաղերու աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին իր արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ դարձաւ տիտղոսակիր:

97 քկ դասակարգին մէջ, գիւմրեցի մարզիկը չորս յաղթանակ արձանագրելէ ետք ապահովեց աւարտականին իր տոմսը, ուր 3-1 արդիւնքով յաղթեց ռուս Ալեքսանտր Կոլովինի:
Ասիկա Ալեքսանեանի առաջին տիտղոսն էր վնասուածքէն ապաքինելէ ետք: Ան վերջին անգամ ելոյթ ունեցած էր նոյեմբեր 2018-ին, Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին:
Ղազախստանի մէջ հայրենի կազմը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի հետ հանդէս եկաւ հետեւեալ մարզիկներով. Գէորգ Ղարիբեան, Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան եւ Արթուր Շահինեան (87 քկ): Անոնք որեւէ մետալ չկրցան ապահովել: