Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, թէեւ երէկ իր կազմին հետ ներկայ չգտնուեցաւ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած «Եւրոպայի լիկա»-ի աւարտականի մրցումին (Չելսիի դէմ) սակայն, ան հոն եղաւ տիրական ներկայութիւն մը շնորհիւ իր համակիրներուն, որոնք անդադար կանչեցին անոր անունը եւ հագնելով անոր շապիկը, հակառակ երկրին իշխանութիւններուն թափած մեծ ճիգերուն` այդ երեւոյթին արգելք հանդիսանալու համար:
«Եւրոպայի Լիկա». Չելսի Տիրացաւ Տիտղոսին
` Յաղթելէ Ետք Արսենալի (4-1)
Երէկ` չորեքշաբթի, 29 մայիսին, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ ինչպէս ծանօթ է, եղաւ զուտ անգլիական, լոնտոնեան երկու կազմերու` Չելսիի եւ Արսենալի միջեւ:
Այս մրցումին Արսենալի հետ Պաքու չմեկնեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որուն կեանքին վրայ վախ կար:
Սակայն հակառակ ատոր, նախքան մարզադաշտ իրենց մուտքը, Արսենալի համակիրները երգեցին անգլիական խումբին եւ Մխիթարեանին նուիրուած երգ մը, որուն բառերը հետեւեալներն են.
«Արսենալը քեզ կը սիրէ աւելի շատ, քան ինչ որ դուն կը կարծես: Ասիկա քեզի համար է` Մխիթարեա՛ն»:
Անոնք քաղաքի փողոցներուն մէջ եւս երգելով շրջագայեցան` բաւական բարձրաձայն աղաղակելով. «Մենք եղած ենք Ղարաբաղի մէջ եւ ամէն տեղ»:
Նշենք, որ երէկուան մրցումին ժամանակ Մխիթարեան կը գտնուէր Հայաստանի մէջ, ուր միացած էր Հայաստանի հաւաքականին` պատրաստուելու համար Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Այստեղ պէտք է նշել, որ մարզադաշտին դատարկ թրիպիւնները դժգոհութեան մեծ ալիք մը բարձրացուցին միջազգային մամուլին եւ անուանի տարբեր ֆութպոլիստներու մօտ:
Իսկ Մխիթարեան քաջալերելով իր խմբակիցները յայտնեց.
«Տիրացէ՛ք այս տիտղոսին` մեր ակումբին եւ մեր համակիրներուն համար: Ես ձեզի հետ եմ` իմ ամբողջ սրտովս»:
Այլ գետնի վրայ, նշուեցաւ նաեւ, որ «Սփորթ-24» կայքի լրագրող Եարոսլաւ Քուլեմինային չեն արտօնած դաշտ մուտք գործել Հենրիխ Մխիթարեանի շապիկով:
Ինչ կը վերաբերի մրցումի արդիւնքին, անիկա աւարտեցաւ Չելսիի յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով: Էտեն Հազար նշանակեց երկու կոլ: