Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Ռեփթըրզ – Ուորիըրզ` 1-1

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումին, երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով հիւրը եղաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզին, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1)` շնորհիւ իր արձանագրած յաղթանակին, 114-109 արդիւնքով: Առաջին մրցումին Ռեփթըրզ ինք յաղթած էր: Ռեփթըրզէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 34 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Քլէյ Թոմսըն` 25 կէտ: Յառաջիկայ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Ուորիըրզի դաշտին...

Ընթրիքի Երեկոյի Մը Ընթացքին.  Լիբանանի Մինի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2019 Տարուան Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

Ընթրիքի Երեկոյի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Մինի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2019 Տարուան Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

Նախորդ շաբաթավերջին «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին կատարեց 2019 տարուան մինի ֆութպոլի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը: Սոյն երեկոյին ներկայ գտնուեցան ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշ, ընդհանուր քարտուղար Ժիլպեր Ապպուտ, ֆետերասիոնի անդամներ, լիբանանան տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ա. դասակարգի ակումբներու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մինի ֆութպոլի ազգային խումբը եւ մարզական լրագրողներ: Վիճակաձգութեան մասնակցեցան ներկաները: Ախոյեանութեան մաս կազմող խումբերը բաժնուեցան չորս...

«Քոնիֆա-2019».  Ախոյեանութեան Պաշտօնական Բացում` Ստեփանակերտի Մէջ

«Քոնիֆա-2019». Ախոյեանութեան Պաշտօնական Բացում` Ստեփանակերտի Մէջ

Շաբաթ, 1 յունիսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ չճանչցուած երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ՔՈՆԻՖԱ-2019»-ի բացման պաշտօնական հանդիսաւոր արարողութիւնը: Մրցումները սկսան երէկ` կիրակի, 2 յունիսին: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 յունիսին: Ինչպէս ծանօթ է, մրցումներուն մուտքը անվճար է: Արցախի հաւաքականը մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, մինչ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը` Բ. խմբակին: «ՔՈՆԻՖԱ»-ի նախագահ Փեր-Անտերս Պլինտ, Եւրոպայի չճանչցուած երկիրներու ախոյեանութեան բացման ասուլիսին ըսաւ....

«Չեմփիընզ Լիկ».  14 Տարի Ետք Լիվըրփուլ Տիրացաւ Տիտղոսին` Աւարտականին 2-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Թոթենհամին

«Չեմփիընզ Լիկ». 14 Տարի Ետք Լիվըրփուլ Տիրացաւ Տիտղոսին` Աւարտականին 2-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Թոթենհամին

Շաբաթ, 1 յունիսին, «Էսթատիօ Ուանտա Մեթրոփոլիթանօ» մարզադաշտին վրայ (Մատրիտ) տեղի ունեցաւ Լիվըրփուլ - Թոթենհամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` ներկայութեամբ աւելի քան 63 հազար հանդիսատեսներու: Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Տամիր Սքոմինա (Սլովենիա): Գերմանացի Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած խումբը` Լիվըրփուլ, արդէն իսկ 2-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի նշանակած փենալթիին: Մրցումին 87-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածուեցաւ 2-0-ի, երբ...

Արագ Ճատրակի Մրցաշարք. Օմար Ժաուիշ Տիրացաւ Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Ֆրեր Նոթրըտամ - Ֆըրն Շըպպեք ակումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի մրցաշարք մը` ի պատիւ Լիբանանի ճատրակի նախկին ախոյեան Իպրահիմ Շահրուրի: Առաւելագոյն 6 կէտէն 4,5 կէտ ապահովելով տիտղոսին տիրացաւ Օմար Ժաուիշ: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ահմետ Նաժժար (4 կէտ), իսկ երրորդ դիրքը` Ռալֆ Խէյրալլա, Սամիր Սըրսոք եւ Ալի Ժաուիշ (3,5-ական կէտ): Մրցումներուն...

Միջազգային Ֆութպոլ. Հայաստան Կը Մրցի Արժանթինի, Իրանի Եւ Ռուսիոյ Դէմ

2-14 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի 18 տարեկանէն վար միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը: Խումբը կը գլխաւորէ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան, որուն ընտրած ֆութպոլիստներէն շատերը ամրան կը մասնակցին Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի կազմը, որ մաս...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս»

Թենիս. «Ռոլան Կարոս»

- Կարէն Խաչանով Ապահովեց 1-16-Ր-րդ Հանգրուանի Իր Տոմսը - Սերենա Ուիլիըմս Դուրս Մնաց Մրցաշարէն Փարիզի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Կարէն Խաչանով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 6-1, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր Սլովաք մրցակիցը` Մարթին Քլիզանը: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 41...

Խոսէ Անթոնիօ Ռեյես Զոհ Գնաց Ինքնաշարժի Արկածի Մը

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Խոսէ Անթոնիօ Ռեյես (35 տարեկան) նախորդ շաբաթավերջին զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը: Անոր հետ մահացաւ նաեւ անոր զարմիկը, որ ինքնաշարժին մէջ էր: Նշուեցաւ, որ անոր շատ արագ սուրացող ինքնաշարժը ճամբայէն դուրս ելած է, շրջուած, ապա կրակ առած: Ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Արսենալ, Ռէալ Մատրիտ եւ ուրիշներ:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 8-9 Յունիսին` Ժեզզինի Ռելին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 8-9 յունիսին տեղի պիտի ունենայ Ժեզզինի ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: 8-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 315,56 քմ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 3 յունիս, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը: Մասնակցողներուն անունները պիտի հրապարակուին երեքշաբթի, 4 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Շաբաթ, 8...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռումանացի Լիվիօ Քիոփոթարիօ Նշանակուեցաւ Ազգային Խումբի Մարզիչ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ պայմանագրութիւն մը կնքեց ռումանացի Լիվիօ Քիոփաթարիոյի հետ, որ պիտի ստանձնէ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը: Ան իր կազմը պիտի պատրաստէ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ Չինաստանի մէջ կատարուելիք Ասիա-2023-ի զտումի մրցաշարքին: Ան իրեն օգնական պիտի ունենայ Ժամալ Թահան, մինչ բերդապահներու մարզիչը պիտի ըլլայ Ուահիտ Ֆաթթալ: Ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային...

Եւրօ-2019.  Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

Եւրօ-2019. Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

Երէկ` ուրբաթ, 31 մայիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 14-27 յուլիսին Հայաստանի մէջ կատարուելիք Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Փորթուգալը, Իտալիան եւ Սպանիան: Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Ֆրանսա, Չեխիա, Նորվեկիա եւ Իրլանտա: Այս վիճակաձգութեան մասնակցեցան լոնտոնեան Արսենալին մաս կազմող Հենրիխ Մխիթարեան եւ Աքթոպէի (Ղազախստան)...

«Քոնիֆա Արցախ-2019». Արեւմտեան Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

«Քոնիֆա Արցախ-2019». Արեւմտեան Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

Այսօր` Բացման Հանդիսութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունենալիք չճանչցուած երկիրներու Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (ՔՈՆԻՖԱ) կազմակերպիչ յանձնախումբը հրապարակեց մրցաշարքին յայտագիրը: Ութ խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի: Այսօր` շաբաթ, 1 յունիսին, տեղի կ՛ունենայ բացման հանդիսութիւնը, իսկ վաղը` կիրակի, 2 յունիսին, առաջին հանգրուանի մրցումները: Խմբային հանգրուանը կ՛աւարտի 4 յունիսին, իսկ երկու օր ետք նախատեսուած են կիսաւարտականի մրցումները: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 յունիսին:...

«Էն. Պի. Էյ.» Ռեփթըրզ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ուորիըրզը

Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Ռեփթըրզ Թորոնթոյի մէջ հիւրընկալեց երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը: Ռեփթըրզ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Ուորիըրզը, արձանագրելէ ետք 118-109 արդիւնքով յաղթանակ մը, հակառակ անոր որ վերջինէս Տրէյմընտ Կրին թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Անոր խմբակից Սթեֆըն Քարի նշանակեց 34 կէտ, մինչ Ռեփթըրզէն Փասքալ...

Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հալանտ Նշանակեց 9 Կոլ

Նորվեկիոյ 20 տարեկանէն վար ազգային խումբի 18 տարեկան յառաջապահ Ըրլինկ Պրոթ Հալանտ մրցումի մը ընթացքին նշանակեց... 9 կոլ: Ան այս իրագործումը կատարեց Հոնտուրասի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (12-0), որ կ՛իյնայ աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հալանտ մաս կը կազմէ աւստրիական Սալզպուրկ խումբին:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Լուքաքուի Համար Կը Պահանջէ 80 Միլիոն Եւրօ

Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ նշեց, որ իր պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուի ստորագրութիւնը տալու համար կը պահանջէ 80 միլիոն եւրօ: Նշուեցաւ, որ Լուքաքուով մօտէն հետաքրքրուած է Ինթեր Միլան: Լուքաքու 2017-ին Էվըրթընէն տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ` փոխան 75 միլիոն եւրոյի:  

Արսենալ Պիտի Փորձէ «Ծախել» Մխիթարեանը

Անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթին համաձայն, այս ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները, Արսենալ պիտի ծախէ իր կարգ մը մարզիկները: Անոնց կարգին են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, Մեսութ Էօզիլ եւ Շքոտրան Մուսթաֆի: Նշուեցաւ, որ Արսենալի ղեկավարութիւնը գլխաւոր մարզիչ սպանացի Ունայ Էմերիի տրամադրութեան տակ դրած է ընդամէնը 40 միլիոն սթերլինկ: Այս իրողութենէն մեկնելով, կարգ մը մարզիկներ պիտի ծախուին, որպէսզի...

Սերճիօ Ռամոս Որոշեց Մնալ Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պիտի մնայ իր կազմին հետ: Ան յայտնեց, որ այս ձեւով կու գայ վերջ դնելու իր մասին շրջան ընող լուրերուն, ըստ որոնց, ինք պիտի միանար այլ խումբի մը` լքելով արքայական ակումբը: Ան ըսաւ, թէ եթէ իր կամքով ըլլար, ինք պատրաստ էր ցմահ ստորագրելու ակումբին տոմարներուն վրայ: Եզրափակելով ասուլիսը...

Մուայ Թայ. Նասրի Լահուտ Պարգեւատրեց Համալսարաններու Ախոյեանները

Մուայ Թայի Լիբանանի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին Լիբանանի համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Նասրի Լահուտ պարգեւատրեց բոլոր համալսարաններու ախոյեանները, որոնք աշխարհի համալսարաններու ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելով հանդիսացած էին ախոյեան: Պարգեւատրումի այս հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի Մուայ Թայի ֆետերասիոնի նախագահ Մասթըր Սամի Քըպլաուի, ընդհանուր քարտուղար Քասեմ Նունու եւ ուրիշներ: Պարգեւատրուող մարզիկները եղան Ալի Շուքէյր եւ Ալի Ֆաքիհ:...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստան Ունեցաւ Նոր Ախոյեան Մը` Արարատ – Արմենիա

Երէկ` հինգշաբթի, 30 մայիսին, տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի 32-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Բարձրագոյն դասակարգի նորեկ Արարատ - Արմենիա իր նորամուտի տարեշրջանը աւարտեց ախոյեանութեան տիտղոսով: Արդարեւ, Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը, որ հիւրը եղաւ Բանանցի, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հռչակուեցաւ Հայաստանի ախոյեան` կէտի մը տարբերութեամբ միայն գերազանցելով Փիւնիկ - Երեւանին, որ տարեշրջանը աւարտեց 60 կէտով:...

Արագ Ճատրակի Մրցաշարք. Գաբրիէլ Սարգսեան Տիտղոսակիր` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, դարձաւ տիտղոսակիր: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 երկիրներէ 107 ճատրակ խաղացողներ: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Սարգսեան առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 6,5 կէտ: Երկրորդ դիրքը 6 կէտով գրաւեց Կատիր Հուսէյնով (Ազրպէյճան), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց եգիպտացի Թահեր Ֆուատ:...

Page 698 of 1279 1 … 697 698 699 … 1,279

Արխիւներ