Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Լէոն ժամանակէն առաջ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութսալի ախոյեան:
Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին, Լէոն, որ Գիւմրիի մէջ յաղթեց Կումայրիին (14-7), 13 մրցումի ընթացքին ապահոված է 39 կէտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արմենիա Թրեվըլ, որ 13-6 արդիւնքով յաղթեց Արմաւիրին, 14 մրցում կատարելէ ետք ապահոված է 31 կէտ:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երեք հանգրուան: Արմենիա Թրեվըլ 2 մրցում ունի կատարելիք, մինչ Լէոն` 3 մրցում: