Սպանական ԱՍ մարզական օրաթերթը հաստատեց, որ Չելսիի միջնապահ Էտեն Հազար պիտի տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ:
Օրաթերթը նշեց, որ եթէ որեւէ անակնկալ չպատահի, արքայական ակումբը 3 յունիսին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր 28 տարեկան միջնապահը` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ:
ԱՍ մէջբերած է Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի այս ուղղութեամբ կատարած մէկ յայտարարութիւնը: