Էներժի Հանդիսացաւ Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Դասակարգի Լիբանանի Ախոյեան

Երէկ` կիրակի, 26 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցաւ «Սումմիէ Տումեթ Տօ Սլիմ» մարզահամալիրին պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժեմայել, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սեմի Ժեմայել, երեսփոխան Նետիմ Ժեմայել, Պիքֆայա – Մըհայտսէի քաղաքապետ Նիքոլ Ժեմայել, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի ներկայացուցիչ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա, ԱԼՖԱ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարուան Հայեք, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Պաշտօնական բացման յաջորդեց Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որ վերջ գտաւ Էներժիի յաղթանակով: Վերջինս 68-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Հալապի յաղթական խումբին տիտղոսը յանձնելէ ետք յատուկ յուշանուէր մը տուաւ նաեւ Հայեքին:


