Պերլինեան Եունիըն ֆութպոլի խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենայ Գերմանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ին մէջ, 2019-2020 տարեշրջանին:
Փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, անիկա թէեւ իր դաշտին վրայ դարձի մրցումին արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, սակայն նկատի ունենալով, որ երթին Շթութկարթի դաշտին վրայ արձանագրած էր 2-2 հաւասարութիւն մը, օգտուեցաւ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն եւ բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
Բնականաբար շատ մեծ եղաւ անոր համակիրներուն ուրախութիւնը` մրցումէն ետք:
Անոր հետ միասին, Ա. դասակարգին մէջ ելոյթ պիտի ունենան Քէօլն եւ Պատերպոռն: