Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Անիպալ Զահլէ 2019-2020 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Այս առիթով անիկա յատուկ ընթրիքի երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Թիլալ-Քասսարա» մարզահամալիրին մէջ, տօնախմբեց իր արձանագրած այս նուաճումը` շուրջ չորս հարիւր հրաւիրեալներու ներկայութեան:
Անոր ներկայ գտնուեցան նախարար Ֆետի Ժրէյսաթի, երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյս, Սելիմ Աուն, Սեզար Մաալուֆ, շրջանի քաղաքապետներ, քաղաքական, զինուորական ու մարզական անձնաւորութիւններ եւ մարզական լրագրողներ: