Իտալացի մասնագէտ Անթոնիօ Քոնթէ նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի մարզիչ:
«Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» յայտնեց, որ 49 տարեկան մարզիչը իտալական ակումբին հետ կնքեց 3 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նշուեցաւ, որ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի կազմէ 9 միլիոն եւրօ:
Այլ գետնի վրայ, ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Լուչիանօ Սփալեթթի, ներկայացուց իր հրաժարականը եւ հեռացաւ խումբէն:
Ան խումբին մարզիչն էր 2017-էն ի վեր:
Ան «Քալչիօ»-ի աւարտած տարեշրջանին իր կազմին հետ գրաւելով դասաւորման չորրորդ դիրքը, յառաջիկայ տարեշրջանին գծով «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին տոմս մը ապահովեց: