Մարզական

Եւրօ-2020.  Հայաստան Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը` 3-0 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Լիխթնշթայնը

Եւրօ-2020. Հայաստան Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը` 3-0 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Լիխթնշթայնը

Եւրօ-2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի երրորդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցի գլխաւորութեամբ, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիխթնշթայնը եւ 3-0 արդիւնքով արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, յաջորդական երկու պարտութենէ ետք (առաջինը Պոսնիայէն 2-1, իսկ երկրորդը Ֆինլանտայէն` 2-0): Արդէն իսկ 2-րդ վայրկեանին, Վարազդատ Հարոյեանի երկար փոխանցումէն ետք Գէորգ Ղազարեան նշանակեց մրցումին...

Ծանրաբարձութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեան

Ֆիճիի մէջ (Ովկիանիոյ ցամաքամաս) աւարտած աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստան տիրացաւ ոսկի մետալի մը` գերծանր կշիռքի (109 քկ եւ վեր) դասակարգին մէջ: Վարազդատ Լալայեան երկամարտի մրցումներուն ապահովելով 419 քկ (192+227), գրաւեց առաջին դիրքը` մէկ քիլոկրամով գերազանցելով իրանցի Ալի Տաւուտին, որ տիրացաւ արծաթ մետալին:

Ըմբշամարտ. Հրաչեայ Մարգարեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Սպանիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի համար ոսկիէ մետալ մը շահեցաւ Հրաչեայ Մարգարեան: 61 քկ դասակարգին մէջ, ան 11-0 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Օլեքսանտր Եւսիենքոյին: Պրոնզէ մետալներու տիրացան Արման Անդրէասեան (70 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ):  

«Քոնիֆա-2019». Հարաւային Օսեթիա Աւարտականին Յաղթեց Արեւմտեան Հայաստանին

Երէկ Արցախի մէջ աւարտեցաւ «Քոնիֆա-2019»-ի Եւրոպայի չճանչցուած երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը: Հարաւային Օսեթիա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականին դէմ: Մրցումին վերջին վայրկեանին հարաւային Օսեթիոյ բերդապահը զսպեց Արեւմտեան Հայաստանի մէկ փենալթին: Աբխազիա 3-րդ դիրքի մրցումին յաղթեց Չամերիոյ` փենալթիներով (5-4):    

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Էշլի Պարթի Աղջկանց, Իսկ Ռաֆայէլ Նատալ` Տղոց Տիտղոսակիր

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Էշլի Պարթի Աղջկանց, Իսկ Ռաֆայէլ Նատալ` Տղոց Տիտղոսակիր

Երէկ` կիրակի, 9 յունիսին, Ֆրանսայի մէջ իր աւարտին հասաւ թենիսի «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտականի մրցումը` 2-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի եւ 4-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմի միջեւ: Նախքան այս մրցումը, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ աղջկանց աւարտական մրցումը` աւստրալիացի Էշլի Պարթիի եւ չեխ Մարքեթա Վոնտրուսովայի միջեւ: 23 տարեկան Պարթի 46 տարուան մէջ առաջին անգամ...

«Էն. Պի. Էյ.» Յաղթանակ Մը Եւս Եւ Ռեփթըրզ Պիտի Հռչակուի Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ հանեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ ու Թորոնթօ Ռեփթըրզը: Ուորիըրզի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Ռեփթըրզ 105-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ երկրին գործող ախոյեանը: Քաուհի Լէոնարտ (2) Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 36 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Քլէյ Թոմսըն` 28 կէտ: Վաղը` երեքշաբթի,...

Եւրօ-2020.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Եւրօ-2020. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Նախորդ շաբաթավերջին, Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան բազմաթիւ մրցումներ` տարբեր խմբակներու մէջ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ա. ԽՄԲԱԿ   Չեխիա - Պուլկարիա 2-1 Մոնթենեկրօ - Քոսովօ 1-1 Բ. ԽՄԲԱԿ   Լիթուանիա - Լիւքսամպուրկ 1-1 Ուքրանիա - Սերպիա 5-0 Գ. ԽՄԲԱԿ   Էսթոնիա - Հիւսիսային Իրլանտա 1-2 Պիելոռուսիա - Գերմանիա 0-2 Դ. ԽՄԲԱԿ   Վրաստան - Ճիպրալթար 3-0 Դանիա - Իրլանտա...

Մինի Ֆութպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Խմբակին Մաս Կազմեցին Ռումանիա, Ուքրանիա Եւ Նիկերիա

Մինի Ֆութպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Խմբակին Մաս Կազմեցին Ռումանիա, Ուքրանիա Եւ Նիկերիա

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին տեղի ունեցաւ 2019-ի մինի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ մէջ, 1-11 հոկտեմբերին` մասնակցութեամբ 32 խումբերու: Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռումանիան, Ուքրանիան եւ Նիկերիան: Լիբանանէն բացի արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներն են Թունուզ, Լիպիա, Սէուտական Արաբիա եւ Իրաք:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 22 Ինքնաշարժներ Կը Մասնակցին Ժեզզինի 8-րդ Ռելիին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի, շաբաթ, 8 եւ կիրակի, 9 յունիսին տեղի կ՛ունենայ Ժեզզինի 8-րդ ռելիի մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: 315,56 քմ երկարութիւն ունեցող այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 22 ինքնաշարժներ: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի, այսօր` շաբաթ, 8 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Ժեզզինի հրապարակէն, իսկ երեկոյեան ժամը 18:00-ին տեղի պիտի ունենայ վարորդներու ցուցադրական...

Մինի Ֆութպոլ. «Ժամմալ Թրասթ»` Դրամատուներու Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, երկու ամիս տեւած դրամատուներու մինի ֆութպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` «Ժամմալ Թրասթ»-ի եւ «Ֆրանսապանք»-ի միջեւ: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, մրցումը աւարտեցաւ «Ժամմալ Թրասթ»-ի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: «Սփորթց Ավենիու» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտականի այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 դրամատուներ:

Եւրօ-2020. Այսօր` Հայաստան – Լիխթնշթայն

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին, սկիզբ առին Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, երբ կատարուեցան 12 ճակատումներ: Այսօր եւս տեղի կ՛ունենան զտումի 13 ճակատումներ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, այսօր` շաբաթ, 8 յունիսին, կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիխթնշթայնը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայաստանի...

Ճատրակ. Արոնեան Յաղթեց Մամետեարովի Եւ Անկէ Խլեց Պարագլուխի Դիրքը

Նորվեկիոյ Սթաւակներ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, Գ. հանգրուանի դասական մրցումին հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով յաղթեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Շահրիար Մամետեարովին: Արոնեան իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Մամետեարովէն խլեց պարագլուխի դիրքը` կէս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ: Արոնեան այժմ ունի 4 կէտ: Այսօր, 4-րդ հանգրուանին, Արոնեան ճերմակ քարերով կը մրցի ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Օրլանտոյի Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Միացեալ Նահանգնեու Ֆլորիտա նահանգի Օրլանտօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Սանշայն-Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 5 կէտէն նոյնքան կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին: 2-րդ դիրքը գրաւեց Վրաստանի ներկայացուցիչ Նոյէ Թութիսանի, որ Գրիգորեանէն ետ մնաց կէտով մը: Իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի Տալթըն Փերին (3,5 կէտ):    

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Պարթի Եւ Վոնտրուսովա Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Պարթի Եւ Վոնտրուսովա Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

«Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց կիսաւարտականի ճակատումները: Աղջկանց մրցաշարքին ծիրին մէջ, Էշլի Պարթի (Աւստրալիա) եւ Մարքեթա Վոնտրուսովա (Չեխիա) իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: 26-րդ դասուած 19 տարեկան Վոնտրուսովա իր յաղթանակը արձանագրեց անգլիացի Եոհաննա Քոնթայի դէմ` 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով: Ան առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կրան...

Միջազգային Ֆութպոլ. Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Ծանր Պարտութիւնը` Սլովաքիայէն (6-0)

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, սպանացի մարզիչ Անթոնիօ Ֆլորեսի գլխաւորութեամբ, Սլովաքիոյ մէջ մրցեցաւ դաշտին տիրոջ դէմ: Հայրենի կազմը կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը` 6-0 արդիւնքով: 11 յունիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը կը մրցի Մոլտովայի դէմ: ՆՇԵՆՔ, թէ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ռոտրիկեզ Հեռացաւ Պայէրն Միւնիխէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբին մաս կազմող քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ հեռացաւ խումբէն: 27 տարեկան ֆութպոլիստը 2017-ի ամրան փոխան 13 միլիոն եւրոյի Ռէալ Մատրիտէն փոխ տրուած էր գերմանական ակումբին: Ան Պայէրնի հետ 67 մրցումի ընթացքին նշանակեց 15 կոլ: Ռէալ Մատրիտի հետ Ռոտրիկեզի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:

Նէյմար Բացակայ` «Քոփա Ամերիքա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար քանի մը օր առաջ Քաթարի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ոտքէն ծանր վնասուածք ստացաւ: Թէեւ Պրազիլ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, բայց կորսնցուց իր ֆութպոլիստը, որ 21-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ան ամբողջութեամբ պիտի բացակայի «Քոփա-Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն: Վերոնշեալ մրցաշարքը տեղի պիտի...

Պիւֆոն Հեռացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն յայտարարեց, որ ակումբի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն հեռացաւ խումբէն: 41 տարեկան Պիւֆոն 2018-ի ամրան Եուվենթուսէն միացաւ մայրաքաղաքի կազմին` ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակով: Ան յայտնեց, որ մտադրութիւն չունի աւարտելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Աւարտած տարեշրջանին ան Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ կատարեց 25 մրցում եւ իր բերդին մէջ ստացաւ նոյնքան կոլ:

Մինի Ֆութպոլ.  Հինգշաբթի, 7 Փետրուարին` 2018 Տարեշրջանի Փակման Հանդիսութիւնը

Լիբանանի Մինի-Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. 2019 Տարեշրջանի Ախոյեանութիւնը Կը Սկսի Ուրբաթ, 14 Յունիսին

Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին յայտարարեց, որ ուրբաթ, 14 յունիսին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանին: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 23 խումբեր: 24-րդ խումբը` Այն Արֆա, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ` ախոյեանութենէն քաշուած ըլլալուն պատճառով: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ դաշտերուն լայնքը պէտք է ըլլայ 22-էն 30 մեթր, իսկ երկայնքը 42-էն 50 մեթր: Ասկէ բացի, պէտք է ապահովուի բոլոր...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Մալխաս Ամոյեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Մալխաս Ամոյեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Մալխաս Ամոյեան հանդիսացաւ ախոյեան` 72 քկ դասակարգին մէջ: Աւարտականին ան 8-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց մոլտովայի իր մրցակիցին դէմ: 67 քկ դասակարգին մէջ Հայկ Մելիքեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ Հայաստանի համար պրոնզէ մետալներ ապահովեցին Սահակ Յովհաննիսեան (60 քկ) եւ Հրաչեայ Պօղոսեան (63 քկ):

Page 696 of 1279 1 … 695 696 697 … 1,279

Արխիւներ