Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին յայտարարեց, որ ուրբաթ, 14 յունիսին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանին:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 23 խումբեր:
24-րդ խումբը` Այն Արֆա, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ` ախոյեանութենէն քաշուած ըլլալուն պատճառով:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ դաշտերուն լայնքը պէտք է ըլլայ 22-էն 30 մեթր, իսկ երկայնքը 42-էն 50 մեթր:
Ասկէ բացի, պէտք է ապահովուի բոլոր մարզիկներուն ապահովութիւնը` համակիրներուն յարուցած հարցերուն պատճառով:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ 2020-ին ֆետերասիոնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպէ դրամատուներուն միջեւ մինի-ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:


