Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, սպանացի մարզիչ Անթոնիօ Ֆլորեսի գլխաւորութեամբ, Սլովաքիոյ մէջ մրցեցաւ դաշտին տիրոջ դէմ:
Հայրենի կազմը կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը` 6-0 արդիւնքով:
11 յունիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը կը մրցի Մոլտովայի դէմ:
ՆՇԵՆՔ, թէ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի մրցաշարքի մը, երէկ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրանէն: