Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին, սկիզբ առին Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, երբ կատարուեցան 12 ճակատումներ:
Այսօր եւս տեղի կ՛ունենան զտումի 13 ճակատումներ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, այսօր` շաբաթ, 8 յունիսին, կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիխթնշթայնը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայաստանի խմբակին մէջ են նաեւ Իտալիան, Յունաստանը, Ֆինլանտան եւ Պոսնիան:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուած է պուլկարացի Նիքոլա Փոփով, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի կազմը վերջին երեք օրերուն, բաւական լուրջ փորձեր կը կատարէ` գլխաւորութեամբ մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցի, լաւապէս պատրաստուելու համար այս առաջին մրցումին:
Խումբին միացած է նաեւ ղազախական Քայսարի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան:
Այստեղ նշենք նաեւ, որ 11 յունիսին հայրենի կազմը Աթէնքի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Յունաստանի: