Մարզական

Եիւրկըն Քլոփ Աշխարհի Լաւագոյն Մարզիչը

Անգլիական Լիվըրփուլի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ գերմանական «Պունտըսլիկա»-ին մասնակցող խումբերու ֆութպոլիստներուն կողմէ ընտրուեցաւ աշխարհի լաւագոյն մարզիչը: Գերմանական «Քիքըլ» մարզաթերթին կողմէ կատարուած քուէարկութեան ընթացքին ան ապահովեց ձայներուն 66 տոկոսը: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլա (18 տոկոս): Աշխարհի լաւագոյն լիկան ճանչցուեցաւ անգլիական «Փրեմիեր-լիկ»-ը (88 տոկոս): Պունտըսլիկա»-ն եւ «Լա լիկա»-ն ստացան 5,6-ական տոկոս:

Պասքեթպոլ.  Դրամատուներու Աւարտական Մրցումը` «Ֆրանսապանք»-ի Եւ «Պանք Լուպնան Ուալ Մահժար»-ի Միջեւ

Պասքեթպոլ. Դրամատուներու Աւարտական Մրցումը` «Ֆրանսապանք»-ի Եւ «Պանք Լուպնան Ուալ Մահժար»-ի Միջեւ

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, դրամատուներու պասքեթպոլի 6-րդ մրցաշարքը հասած է աւարտական հանգրուան, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին «Ֆրանսապանք» եւ «Պանք Լուպնան Ուալ Մահժար»: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը դրամատուներ: Վերջին երեք տարիներու տիտղոսակիրն է «Ֆրանսապանք»-ը, մինչ «Պանք Լուպնան Ուալ Մահժար» տիտղոսին տիրացած է 2015-ին:

Եւրօ-2020. Հայաստան Արձանագրեց Իր Յաջորդական Երկրորդ Յաղթանակը` 3-2 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Յունաստանը

Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Դ. հանգրուանի ճակատումներուն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Աթէնքի մէջ հիւրը եղաւ Յունաստանի, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով: Արձանագրուած այս յաղթանակին շնորհիւ, հայրենի կազմը իր տրամադրութեան տակ ունենալով 6 կէտ, բարձրացաւ 3-րդ դիրք` իր ետին ձգելով Յունաստանը եւ Պոսնիան (Ժ. խմբակ): Ա. կիսախաղին Հայաստան արդէն իսկ ունէր 2-0 արդիւնքով գերակայութիւն...

Մոթորսայքլինկ. «Քափ-390»-ի Ա. Հանգրուանը Տեղի Ունեցաւ Քուսպայի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն. Պու Խաթեր» ընկերութեան, տեղի ունեցաւ «Քափ-390»-ի մոթորսայքլինկի Ա. հանգրուանի մրցումը` Քուսպայի շրջանին մէջ գտնուող «Քարթինկ-Մանիա» վազքուղիին վրայ: Մրցումը նուիրուած էր Ժան Ազարի յիշատակին, որ «Էյ. Էն. Պու Խաթեր» Մոթորսայքլինկի ակումբին անդամ եղած էր: Մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան, 12 մասնակիցներ մարզական ոգիով այդ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին: Բ. հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին:

Հեծելարշաւ. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Ասիոյ 25-րդ «Մաութըն Պայք-ի Ախոյեանութիւնը` 25-28 Յուլիսին

25-28 յուլիսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Ասիոյ հեծելարշաւի 25-րդ «Մաութըն Պայք»-ի ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Քֆարզպիանի մէջ (Քեսրուան)` հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» ընկերութեան: Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան ըսաւ, թէ անհրաժեշտ բոլոր պատրաստութիւնները կը տեսնուին` լաւապէս հիւրընկալելու այս ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ տասը երկիրները. Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Չինաստան, Թայփէ, Օման, Քաթար, Սինկափուր, Լիբանան,...

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. 14 Յուլիսին` Հայաստան – Սպանիա Բացման Մրցումը

Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը կը սկսի 14 յուլիսին` Հայաստան - Սպանիա բացման մրցումով, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 18:45-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Իտալիոյ դէմ (17 յուլիս), որմէ...

Թենիս. Կարէն Խաչանով` Առաջին 10-ին Մէջ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով երկու դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 9-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2980 վարկանշային կէտ: Սերպ Նովաք Ճոքովիչ, կը մնայ առաջին դիրքին վրայ (12,715): Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (7945), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (6670): Աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ կը...

Թուրքիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Խմբապետը Ծաղրանքի Կ՛ենթարկուի

«Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը Իսլանտայի իշխանութիւնը կը մեղադրէ թուրք ֆութպոլիստներուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքի համար: Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի օդակայանին մէջ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Էմրէ Պերեզօղլուի հետ կատարուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին լրագրող մը փոխանակ իր ձեռքին ձայնագրիչ մեքենայ մը բռնելու, բռնած է խոզանակ մը: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին ֆութպոլիստներուն պայուսակները օդակայանին մէջ ստուգած են...

Ա. Էս. Ռոմա Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

«Քալչիօ»-ի խումբերէն Ա. Էս. Ռոմա պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Փաուլօ Ֆոնսեքա նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: 46 տարեկան Ֆոնսեքա երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու համաձայնութեամբ: Փորթուգալցին նախապէս եղած է Փորթոյի, Պրակայի (Փորթուգալեան խումբեր) եւ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի մարզիչ: Նշուեցաւ, որ Ա. Էս. Ռոմա Շախտիորին պիտի վճարէ 2 միլիոն եւրոյի փոխհատուցում` իր պայմանագրութիւնը անոր հետ ժամանակէն առաջ...

Էտեն Հազար` Ռէալ Մատրիտի Երկրորդ Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստը

Ռէալ Մատրիտի նորեկ ֆութպոլիստ Էտեն Հազար տարեկան իր ակումբէն պիտի ստանայ զուտ 11 միլիոն եւրօ (իր տուրքերը վճարելէ ետք): Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ ան այսպիսով կը դառնայ արքայական ակումբին երկրորդ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Սերճիօ Ռամոսի տարեկան աշխատավարձն է 12 միլիոն եւրօ: 28 տարեկան պելճիքացի Հազար Չելսիի հետ կը գանձէր տարեկան 12,7 միլիոն եւրօ: Անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար Ռէալ...

«Էն. Պի. Էյ.» Ռեփթըրզ – Ուորիըրզ` 3-2

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ Թորոնթոյի մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի յաղթանակով: Անիկա կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 106-105 արդիւնքով յաղթեց Ռեփթըրզին: Ուորիըրզի պարտութեան պարագային, Ռեփթըրզ պիտի հռչակուէր 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ նախքան այս մրցումը, 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէր Ուորիըրզին: Այժմ Ուորիըրզ արդիւնքը կրճատած է 3-2-ի: Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի...

Մասնակցութեամբ Վեց Խումբերու.  ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցումները Տեղի Կ՛ունենան Մեծ Խանդավառութեամբ

Մասնակցութեամբ Վեց Խումբերու. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցումները Տեղի Կ՛ունենան Մեծ Խանդավառութեամբ

Պէյրութի եւ Անթիլիասի խումբերը Յունիս ամսուան սկիզբը, «Հայր Պօղոս Արիս» ֆութպոլի դաշտին վրայ (նախապէս` Զաւարեան դաշտ), սկսան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային մրցումները, որոնք տարիներէ ի վեր տեղի չէին ունենար: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի նոր վարչութեան, վեց մասնաճիւղերու` Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ռաուտայի, Ֆանարի եւ Պէյրութի ֆութպոլի խումբերը մասնակցեցան այս մրցաշարքին: Ա. խմբակին մաս կը...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Ժեզզինի 8-րդ Ռելիի Տիտղոսին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Ժեզզինի 8-րդ Ռելիի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 9 յունիսին տեղի ունեցաւ Ժեզզինի 8-րդ ռելիի մրցումը` մասնակցութեամբ 22 ինքնաշարժներու եւ հովանաւորութեամբ Ժեզզինի քաղաքապետութեան: 315,56 քմ երկարութիւն ունեցած այս ռելին կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ («Սքոտա Ֆապիա Ար.-5») հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1 ժամ 02' 49" արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ...

Եւրօ-2020.  Այսօր` Յունաստան – Հայաստան

Եւրօ-2020. Այսօր` Յունաստան – Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ շաբաթ, 8 յունիսին արձանագրեց Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր առաջին յաղթանակը, Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ այսօր` երեքշաբթի, 11 յունիսին, Աթէնքի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Յունաստանի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայրենի կազմը հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցի գլխաւորութեամբ Յունաստան մեկնեցաւ հետեւեալ 22 ֆութպոլիստներով. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արամ Հայրապետեան (Բանանց), Հենրի Աւագեան (Ալաշկերտ) եւ Արսէն...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Միջերկրականեան Խաղեր.  Լիբանան Տիրացաւ 14 Մետալի` Ֆրանսայի Մէջ

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Միջերկրականեան Խաղեր. Լիբանան Տիրացաւ 14 Մետալի` Ֆրանսայի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Մարսէյէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք միջերկրականեան խաղերուն: Լիբանանէն բացի, այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Յունաստան, Իտալիա, Պուլկարիա, Սպանիա, Եգիպտոս եւ բնականաբար Ֆրանսա: Լիբանանցի մարզիկները իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 14 մետալի: Սանտայի մրցումներուն, Լիբանան տիրացաւ 3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի, իսկ թաու-լուի մրցումներուն` մէկ...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Փորթուգալ` Առաջին Տիտղոսակիրը

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով: Փորթուգալեան Փորթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աւարտական ճակատումին, Փորթուգալ, որ ճակատեցաւ Հոլանտայի դէմ, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ առաջին տիտղոսակիրը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Վալենսիայի յառաջապահ Կոնզալօ Կուետես` 60-րդ վայրկեանին: Փորթուգալի մարզիչն է Ֆերնանտօ Սանթոս, մինչ Հոլանտայի մարզիչը` Ռոնալտ Քէօման: Երրորդ դիրքի մրցումին, Անգլիա...

Ըմբշամարտ. Մհեր Մարկոսեան` Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Մհեր Մարկոսեան թէեւ հասաւ 86 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտական հանգրուանին, սակայն 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր վրացի մրցակիցէն, հանդիսացաւ փոխախոյեան: Նշենք, որ այս մետալը Հայաստանի համար եղաւ չորրորդը Հրաչեայ Մարգարեանի (ոսկի), Արման Անդրէասեանի եւ Արման Աւագեանի (երկուքն ալ պրոնզ) տիրացած մետալներէն ետք:

«Ֆորմիւլա-1». Վեթել Գրաւեց Առաջին Դիրքը, Բայց Հեմիլթընի Յաղթանակով Աւարտեցաւ Քանատայի Կրան-Փրին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան Քանատայի կրան փրին քիչ մը տարօրինակ ձեւով աւարտեցաւ: Թէեւ «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել այս կրան փրիին գրաւեց առաջին դիրքը, սակայն անիկա աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով` նկատի ունենալով, որ Վեթել կազմակերպիչներուն կողմէ 5 երկվայրկեանի տուգանք մը ստացաւ` Հեմիլթընի ինքնաշարժին վրայ կտրած ըլլալուն պատճառով: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Հեմիլթըն...

Ասիոյ Պասքեթպոլի 2021-ի Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն.  Լիբանան` Դ. Խմբակին Մէջ, Իսկ Մրցակիցները Պահրէյն, Իրաք Եւ Հնդկաստան

Ասիոյ Պասքեթպոլի 2021-ի Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն. Լիբանան` Դ. Խմբակին Մէջ, Իսկ Մրցակիցները Պահրէյն, Իրաք Եւ Հնդկաստան

Շաբաթ, 8 յունիսին Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցաւ 2021-ի տղոց Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, ներկայութեամբ պասքեթպոլի աշխարհի ֆետերասիոնին նախագահ, արժանթինցի Հորասիօ Մուրաթորէի, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ, քաթարցի Սըուտ Ալի Բ.-ի, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար, լիբանանցի Յակոբ Խաչերեանի, տարբեր երկիրներու ֆետերասիոններու նախագահներու եւ ներկայացուցիչներու, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ մարզական լրագրողներու: 24 խումբերը բաժնուեցան 6 խմբակի, իւրաքանչիւրը`...

Հիմնուեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Թենիսի Ֆետերասիոնը. Լիբանանցի Ալեն Սայեղ` Փոխնախագահ

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին զուգահեռ, յատուկ ժողովի մը ընթացքին, Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հիմնուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու թենիսի ֆետերասիոնը: Անոր ներկայ գտնուեցան 38 ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոններն ու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին` Լիբանանի ներկայացուցիչը: Ալեն Սայեղ ձախին Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Սայեղ այդ ժողովին ընթացքին ընտրուեցաւ նոր ֆետերասիոնի փոխնախագահ: Նախագահ ընտրուեցաւ ֆրանսացի Տանիել...

Page 695 of 1279 1 … 694 695 696 … 1,279

Արխիւներ