«Քոնիֆա-2019». Հարաւային Օսեթիա Աւարտականին Յաղթեց Արեւմտեան Հայաստանին
Երէկ Արցախի մէջ աւարտեցաւ «Քոնիֆա-2019»-ի Եւրոպայի չճանչցուած երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը:
Հարաւային Օսեթիա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականին դէմ:
Մրցումին վերջին վայրկեանին հարաւային Օսեթիոյ բերդապահը զսպեց Արեւմտեան Հայաստանի մէկ փենալթին:
Աբխազիա 3-րդ դիրքի մրցումին յաղթեց Չամերիոյ` փենալթիներով (5-4):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական