«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ հանեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ ու Թորոնթօ Ռեփթըրզը:
Ուորիըրզի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Ռեփթըրզ 105-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ երկրին գործող ախոյեանը:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 36 կէտ, մինչ Ուորիըրզէն Քլէյ Թոմսըն` 28 կէտ:
Վաղը` երեքշաբթի, 11 յունիսին, եթէ Ռեփթըրզ Թորոնթոյի մէջ (Քանատա) արձանագրէ այլ յաղթանակ մը եւս, պիտի հռչակուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան: