Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին տեղի ունեցաւ 2019-ի մինի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ մէջ, 1-11 հոկտեմբերին` մասնակցութեամբ 32 խումբերու:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռումանիան, Ուքրանիան եւ Նիկերիան:
Լիբանանէն բացի արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներն են Թունուզ, Լիպիա, Սէուտական Արաբիա եւ Իրաք:




