Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, երկու ամիս տեւած դրամատուներու մինի ֆութպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` «Ժամմալ Թրասթ»-ի եւ «Ֆրանսապանք»-ի միջեւ:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, մրցումը աւարտեցաւ «Ժամմալ Թրասթ»-ի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
«Սփորթց Ավենիու» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտականի այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 դրամատուներ: