Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Միացեալ Նահանգնեու Ֆլորիտա նահանգի Օրլանտօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Սանշայն-Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 5 կէտէն նոյնքան կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին:
2-րդ դիրքը գրաւեց Վրաստանի ներկայացուցիչ Նոյէ Թութիսանի, որ Գրիգորեանէն ետ մնաց կէտով մը:
Իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի Տալթըն Փերին (3,5 կէտ):