Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Մալխաս Ամոյեան հանդիսացաւ ախոյեան` 72 քկ դասակարգին մէջ: Աւարտականին ան 8-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց մոլտովայի իր մրցակիցին դէմ:
67 քկ դասակարգին մէջ Հայկ Մելիքեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ Հայաստանի համար պրոնզէ մետալներ ապահովեցին Սահակ Յովհաննիսեան (60 քկ) եւ Հրաչեայ Պօղոսեան (63 քկ):




