«Քոնիֆա-Եւրօ-2019». Արեւմտեան Հայաստանի Հաւաքականը Հասաւ Աւարտականին
Կիրակի, 9 յունիսին, Արցախի մէջ իր աւարտին կը հասնի «Քոնիֆա-Եւրօ-2019»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը (Եւրոպայի չճանչցուած երկիրներու ախոյեանութիւնը), երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը: Երէկ Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` փենալթիներով (3-0) յաղթելէ ետք Աբխազիոյ: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: Երկարաձգում տեղի չունեցաւ: Դաւիթ Մանոյեան նշանակեց (փենալթիով) Արեւմտեան Հայաստանի հաւասարութեան կոլը: Աւարտականին հայ ֆութպոլիստները պիտի մրցին հարաւային Օսեթիոյ դէմ:




