Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանան կը գտնուէր պասքեթպոլի սերպ հանրածանօթ մարզիչ Զելքօ Օպրատովիչ, որ երկու օր յատուկ դասընթացքներ տուաւ պասքեթպոլի մարզիչներուն, «Չեմփս» ակումբին մէջ Հազմիէ:
Ան Լիբանան եկաւ «Սթեփ ըհետ Սփորթ Սքուլ»-ի նախագահ Ֆուատ Ժըրժեսի յատուկ հրաւէրով: Անիկա կը վայելէր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութիւնը:
Այս դասընթացքին ներկայ եղան աւելի քան հարիւր մարզիչներ` Լիբանանէն եւ արաբական երկիրներէ:
Անոնց կարգին էին լիբանանցի մարզիչներ Ղասսան Սարգիս, Փաթրիք Սապա, Մարուան Խալիլ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ֆետի Խաթիպ եւ ուրիշներ:
Օպրատովիչին կ՛ընկերակցէր նաեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սլոպոտան Սուպոթիչ (Սլովենիա):
Դասընթացքի աւարտին, նախքան մասնակցողներուն յատուկ վկայագիր տալը, Օպրատովիչ յայտնեց, որ նախ եւ առաջ շատ ուրախ է Լիբանան գտնուելուն համար:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած Լիբանան այցելելու հրաւէրին համար, շեշտեց, որ բոլոր մասնակցողներուն մօտ ալ մակարդակը շատ բարձր էր:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում: