Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականի անդամ Լեւոն Աղասեան, որ ֆրանական Արթուա քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ աթլեթիզմի միջազգային մրցաշարքի մը` տիրացաւ պրոնզ մետալի մը` երեք քայլ ոստումի մրցումին:
Ան ցատկելով 16,53 մեթր, գրաւեց երրորդ դիրքը` տիրանալով պրոնզ մետալի:
Սակայն Աղասեան ըսաւ, թէ իր արձանագրած այս արդիւնքէն գոհ չէ` նկատի ունենալով, որ կ՛ակնկալէր աւելի լաւ արդիւնքի հասնիլ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 17 երկիրներ:
Այժմ Աղասեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Արտաշատի մէջ (5-6 յուլիս):
Ապա ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Նափոլիի մէջ (Իտալիա) տեղի ունենալիք համաշխարհային ուսանողական խաղերուն:
Իւնիվերսիատի աթլեթիզմի մրցումներուն Հայաստան Աղասեանէն բացի պիտի ունենայ իր երկրորդ ներկայացուցիչը, որ պիտի ըլլայ Երուանդ Մկրտչեան (1500 մեթր վազք):