Հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան հանդիսացաւ chess.com կայքին կազմակերպած արագ ճատրակի մրցաշարքի տիտղոսակիր` աւարտականին
15-13 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ռուս վարպետ Վալենթինա Կունինայի դէմ:
Մրցումին ընթացքին Դանիէլեան վերականգնեց 4 կէտի տարբերութիւնը, մինչ անոր մրցակիցը խնդիրները ունեցաւ համացանցի կապին հետ:
Դանիէլեան ստացաւ 4607 ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը` իր արձանագրած այս յաղթանակին համար, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւէր` մասնակցելու համար արագ ճատրակի գլխաւոր ախոյեանութեան եւ ՖԻՏԷ-ի` զուիցերիական ձեւով տեղի ունենալիք մրցաշարքին:
Կունինա ստացաւ 1393 ամերիկեան տոլար:


