Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականին հասնող խումբերը յստակացան:
Պէտք է նշել, որ այդ չորսէն երեքը կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին միայն փենալթիներով յաղթելով իրենց մրցակիցներուն:
Պրազիլէն ետք, որ յաղթեց Փարակուէյին (4-3), Չիլի պարտութեան մատնեց Քոլոմպիան (5-4), իսկ Փերու` Ուրուկուէյը (5-4):
Արժանթին միակն ըլլալով արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ուրուկուէյի առաջին փենալթին իր նպատակին չկրցաւ հասցնել Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, որուն հարուածը զսպուեցաւ Փերուի բերդապահին կողմէ:
Այսպիսով, յստականալէ ետք կիսաւարտականին իրենց տոմսերը ապահոված խումբերուն անունները, կիսաւարտականի առաջին ճակատումը (3 յուլիս, առաւօտեան ժամը 3:30-ին) իրարու դէմ պիտի հանէ Պրազիլը եւ Արժանթինը, մինչ երկրորդը (4 յուլիս, առաւօտեան ժամը 3:30-ին)` Չիլին եւ Փերուն: