Կազմակերպութեամբ «Մոթօ Քրոս Աքատեմի Լիպանոն» ակումբին, տեղի ունեցաւ 2019 տարուան առաջին հանգրուանի մրցումը Ապրին քաղաքին մէջ` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու, որոնք եկած էին քաջալերելու անոր մասնակցողները:
«Մոթօ Քրոս»-ի այս Ա. հանգրուանին մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 44 անձեր, որոնք բաժնուած էին 8 տարբեր դասակարգերու:
Մրցումին հսկեց այս ակադեմիայի հիմնադիր եւ միջազգային նախկին ախոյեան Ճօ Սալլութի:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն:
«Էնտուրօ Ատվանս» դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Վարդան Թամամեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: