Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ-Չես-Թուր»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի Դ. հանգրուանին, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի հետ (37-րդ շարժումին):
Այս հաւասարութիւնը Արոնեանի համար եղաւ յաջորդական չորրորդը:
Արոնեան այժմ ունի 2 կէտ: Առաջին դիրքը կը գրաւէ ռուս Եան Նեփոմնիաչի (3,5 կէտ):