Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ իր աւարտին հասնող եւրոպական երկրորդ խաղերուն, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի մարզիկները հանդիսացան ախոյեան եւ փոխախոյեան:

Աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի գործող ախոյեան Յովհաննէս Բաչքով հռչակուեցաւ կռփամարտի ախոյեան:
64 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի հաւաքականին խմբապետը 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սոֆիան Ումիհանի (Ֆրանսա):
Կիսաւարտականին Բաչքով յաղթած էր Էնրիքօ Լաքրուսի (Հոլանտա):

Մնալով կռփամարտին մէջ, այս անգամ սակայն 49 քկ դասակարգին մէջ իր կարգին Արթուր Յովհաննիսեան տիրացաւ ոսկի մետալի` 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Վրաստանի ներկայացուցիչ Սախիլ Ալախվերտովի դէմ:
Կիսաւարտականին, հայրենի կռփամարտիկը յաղթեց Ռեճըն Տէյլի (Իրլանտա)` 3-2 արդիւնքով:
Կարէն Տօնականեան (60 քկ) եւ Գոռ Ներսիսեան (81 քկ) տիրացան պրոնզ մետալի:
Կարեւորութեամբ պէտք է անդրադառնալ այն կէտին, որ եւրոպական խաղերը կռփամարտիկներուն համար 2019-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնն են:

Հայաստանի համար իր կարգին ոսկի մետալ մը ապահովեց Արթուր Ալեքսանեան, որ ըմբշամարտի մրցաշարքի 97 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալին` 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ալիաքսանտր Հրապովիքի (Պիելոռուսիա) դէմ:
Յայտնենք, որ Ալեքսանեան ողիմպիականի ախոյեան է, ինչպէս նաեւ աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի քառակի ախոյեան:
Ան կիսաւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց (3-1) ռուս Ալեքսանտր Կոլովինի դէմ:
Կարապետ Չալեան` Փոխախոյեան

Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Չալեան տիրացաւ արծաթ մետալին` հանդիսանալով այս խաղերու փոխախոյեան:
77 քկ դասակարգի աւարտականին ան պարտութիւն կրեց իր ռուս մրցակիցէն` Ալեքսանտր Չեխիրքինէն (7-6):
60 քկ դասակարգին մէջ Ռուսիոյ համար ոսկի մետալի մը տիրացաւ Ստեփան Մարիանեան:
Իսկ 67 քկ դասակարգին մէջ Կարէն Ասլանեան, որ պրոնզէ մետալին համար մրցեցաւ Մաթէ Նեմեսի դէմ (Սերպիա), պարտութիւն կրեց 2-1 արդիւնքով:

Աթլեթիզմի մրցումներուն (օղակներ) Վահագն Դաւթեան Հայաստանին ապահովեց արծաթ մետալ մը` արձանագրելով 14,766 կէտ:

Նշենք, որ Հայաստանի համար վերջին մետալ ապահովողը հանդիսացաւ Արթուր Դաւթեան, որ մարմնամարզութեան մրցումներուն (հենացատկ) 5 մարզիկներու հետ իր մղած պայքարին ընթացքին` արձանագրելով 15,016 արդիւնք մը, հռչակուեցաւ ախոյեան: