Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կիրակի, 30 յունիսին, տեղի ունեցաւ 2019 տարուան ժամացոյցի դէմ մրցումը:
Անիկա սկզիբ առաւ «Տապպաս» ընկերութեան առջեւէն հասնելով մինչեւ Շեւրոլէի շրջան – ԱԼՖԱ ընկերութիւն, ապա վերադառնալով դէպի Քարանթինա – Պէյրութ, երթուդարձի դրութեամբ` չորս անգամ (32,8 քմ):

Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 հեծելանւորդներ` հինգ միութիւններէ (անդամակցած` ֆետերասիոնին), ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբերը:
Ժամացոյցի դէմ մրցումի ախոյեանի տիտղոսին տիրացաւ Ժորժ Ուատիհ (Պայք Լուպնան), որ արձանագրեց 48’26” արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակիցը` Ժիհատ Ահմետ (49’43”), մինչ երրորդ հանդիսացաւ ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Յակոբ Քէշիշեան (50’05”):
ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Ռոյ Ռուքոզ հանդիսացաւ հինգերորդ 51’31”:
Իսկ «Մասթըրզ»-ի ախոյեանի տիտղոսին տիրացաւ Սամիր Լայեան (ՀՄՄ Անթիլիաս), որ արձանագրեց 37’03” արդիւնք մը (24,6 քմ)
Երկրորդ հանդիսացաւ Պասսամ Տըննաուի (Պայք Լուպնան), իսկ երրորդ` Ապտալլա Թապեթ (Ալէյի խումբ):
«Մասթըրզ»-ի մրցումին Վիգէն Քեչեճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) գրաւեց հինգերորդ դիրքը (43’44”):
Այս մրցումին հսկեցին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ֆետերասիոնի անդամներ Նազարէթ Հապիպեան, Ռոպէր Փաթափութեան եւ Քայսար Սալլում:
Ներքին ապահովութեան ուժերը հսկեցին այս մրցումին, ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանեան կարմիր խաչը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի անդամներուն, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնին գլխաւոր հովանաւոր «Սքոթ» ընկերութեան:
Կիրակի, 7 յուլիսին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ ճամբու մրցում` Զաարուր-Պիսքանթա մայրուղիին վրայ:



