Մարզական

Աթլեթիզմ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին Կազմակերպած Խմբային Եւ Տարիքային Մրցումներուն Բ. Հանգրուանը Հասաւ Իր Աւարտին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի ֆետերասիոնին խմբային եւ տարիքային 2019-ի ախոյեանութեան մրցումներուն Բ. հանգրուանը հասաւ իր աւարտին: Տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 18, 20 եւ 23 տարեկանէն վար դասակարգի, ինչպէս նաեւ 23 տարեկան եւ վեր դասակարգի մրցումները: Բ. հանգրուանի այս մրցումներուն լիբանանեան հինգ նոր մրցանիշներ հաստատուեցան հետեւեալ մրցումներուն` 100 մեթր վազք, սկաւառակ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէի Մէկ Մարզիկը Փոխ Տրուեցաւ Շապապ Ղազիէին

Նըժմէ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբին մարզիկներէն Մուսթաֆա Շամաա փոխ տրուեցաւ Շապապ Ղազիէին: Նշուեցաւ նաեւ, որ Նըժմէի նոր մարզիչ Թարեք Ժարայա կրնայ մէկ կամ երկու այլ մարզիկ եւս փոխ տալ հարաւային Լիբանանի վերոնշեալ կազմին, անշուշտ խումբին հետ ամբողջական փորձեր կատարելէ եւ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով իր կազմը յստակացնելէ ետք:  

Խարքովի Միջազգային Մրցաշարքին. Հայրենի Կռփամարտիկները Տիրացան 2 Պրոնզ Մետալի

Հայաստանի երիտասարդ կռփամարտիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Խարքովի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցող կռփամարտի միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացան 2 պրոնզ մետալի յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 64 քկ դասակարգին մէջ Արարատ Յարութիւնեան, իսկ 69 քկ դասակարգին մէջ Արսէն Գրիգորեան հասան կիսաւարտականին` ապահովելով նուազագոյնը պրոնզէ մետալ: Տակաւին մրցումներ ունին կատարելիք Ռուտոլֆ Գարբոյեան (49 քկ) եւ Արմէն Մանուկեան (69 քկ):

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Եւրոպական Խաղերուն Մետալակիրներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում ունեցաւ եւրոպական 2-րդ խաղերու մետալակիր մարզիկներուն հետ: Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորեց մարզիկները իրենց ձեռք ձգած այս յաջողութեան համար` անոնց մրցելոյթները գնահատելով յաջողակ: «Ձեր յաջողութիւնները գալիք սերունդին համար պիտի ըլլան ոգեշնչման աղբիւր», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան: Հանդիպումի աւարտին վարչապետը անոնց մաղթեց յաջողութիւն` յառաջիկային տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու, ինչպէս նաեւ ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստութեան հանգրուանին գծով: Իսկ...

Գէորգ Ղազարեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Կիպրոսի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Կիպրոսի մէջ: 31 տարեկան ֆութպոլիստը 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց կիպրական «Ա. Է. Էլ. Լիմասոլ» խումբին հետ: Կիպրոսի աւարտած ախոյեանութեան, խումբը գրաւեց չորրորդ դիրքը: «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ յունական Արիսը: Փորթուգալեան Չաւեսէն հեռացած Ղազարեան նշեց, որ առաջարկներ ստացած էր...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Բարելաւեց Իր Վարկանիշը

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան բարելաւեց իր վարկանիշը եւ ՖԻՏԷ-ի հրապարակած միջազգային նոր դասաւորման մէջ բարձրացաւ 14-րդ դիրք: Նախորդ ամիս ան կը գրաւէր 16-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ ամուր կառչած կը մնայ աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (վարկանշային 2872 կէտ): Արոնեան ունի 2756 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ֆապիանօ Քարուանա (Միացեալ Նահանգներ, 2819), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Տին Լիրեն...

Թենիս. Խաչանով Ապահովեց Գ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով երէկ ապահովեց Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 4-6, 6-4, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանացի Ֆելիսիանօ Լոփեսի դէմ: Անոնց միջեւ մրցումը տեւեց 2 ժամ 44 վայրկեան:

«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլ Յաղթեց Արժանթինին (2-0) Եւ Հասաւ Աւարտականին

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պրազիլ - Արժանթին կիսաւարտականի առաջին մրցումին յաղթական դուրս եկաւ հիւրընկալ կազմը, որ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արժանթինի դէմ: Կապրիել Խեսուս, նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (19-րդ), մինչ երկրորդը նշանակեց Ռոպերթօ Ֆիրմինօ (71-րդ): Առաջին կոլին էսիսթը կատարեց Ֆիրմինօ, մինչ երկրորդինը` Խեսուս: Կեդրոնի իրաւարարն էր Ռոտտի Զամպրանօ (Էքուատոր): Պրազիլ աւարտականին իր դէմ...

11 Յուլիսին Պարսելոնա Պիտի Ներկայացնէ Կրիզմանը

Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնա որոշած է 11 յուլիսին պաշտօնապէս ներկայացնել իր նոր մարզիկը` Անթուան Կրիզմանը: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, 28 տարեկան ֆրանսացին արդէն իսկ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի հետ` հեռանալէ ետք Աթլեթիքօ Մատրիտէն:  

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանի Սանտայի Ախոյեանութիւն.  Վարուժան Քէշիշեան Պարգեւատրուեցաւ

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանի Սանտայի Ախոյեանութիւն. Վարուժան Քէշիշեան Պարգեւատրուեցաւ

- Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբը` Առաջին Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի, Սանտայի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 60 մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Ռըսոլ Ճիւնի, Ներքին ապահովութեան ուժեր, Շաոլին-Պէյրութ, Շեպիպէ Շիահ, Սանթրալ Ճիւնի, Անթունիէ Պաապտա եւ Պել Հորիզոն-Ատմա: Մրցումներու իրաւարարներուն կարգին էր միջազգային իրաւարար Րաֆֆի Սարգիսեան: Առաջին դիրքը գրաւեցին...

Վեթերաններու Ֆութպոլի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Ահլի Սարպայէն (6-3) Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Ահլի Սարպա վեթերաններու ֆութպոլի մրցումը, որ եկաւ շուրջ 15 տարի առաջուան օրերը յիշեցնելու հանդիսատեսներուն, որոնք եկած էին քաջալերելու երկու կազմերը: Սակայն այս մրցումը ՀՄԸՄ-ի կազմին համար եղաւ վերջինը` նկատի ունենալով, որ խումբը 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Յակոբ Կիւլիւմեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ Դրօ Քէհէեան` երրորդ կոլը: ՀՄԸՄ-ի...

Զուք Միքայէլ Ռիատի Ակումբը Ստացաւ Իր Արտօնագիրը` Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշէն

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Զուք Միքայէլ Ռիատի ակումբին յանձնեց արտօնագիր, որով վերջինս կը դառնայ օրինական եւ կը կարենայ կիրարկել պասքեթպոլի, թենիսի, ճատրակի, փինկ փոնկի, թեքուանտոյի եւ ժիւտոյի մարզաձեւերը` Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Նոր ակումբին նախագահն է Էլիաս Պըայնօ (Զուք Միքայէլի քաղաքապետ), իսկ անդամներն են` Անթուան Ֆաուազ, Էլիաս Տարուիշ, Միշել Ազիզ, Հապիպ Աուտէ, Էլի Զըղէյպ եւ Ժոզեֆ Քըմէյտ: Իր բոլոր...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Սկսաւ Իր Նախապատրաստական Փորձերուն

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Սկսաւ Իր Նախապատրաստական Փորձերուն

  Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նախապատրաստական փորձերը, որոնց ընթացքին Լիբանանի նոր մարզիչը` ռումանացի Լեվիօ Չիոփոթարիօ, իր օգնականին` Ժամալ Թահայի հետ պիտի ընտրէ խումբին նոր կազմը: Առաջին փորձերուն մասնակցեցան քսան մարզիկներ, որոնց աւելի ուշ պիտի միանան ուրիշներ ալ` անոնցմէ լաւագոյնները ընտրելու համար: Լուսանկարները Տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Եւ Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Կը Մրցին Իրարու Դէմ

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանին պատրաստուող Ալաշկերտ հինգշաբթի, 4 յուլիսին, ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին դէմ: Հայաստանի բաժակակիրը իր այս մրցումը պիտի կատարէ հանրապետական մարզադաշտին վրայ, ժամը 18:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով): Նշենք, որ զտումի Ա. հանգրուանին Ալաշկերտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Մակեդոնիա Ֆ. Ք. խումբը (Մակեդոնիա): Բարեկամական մրցումը նախապատրաստութիւն մը պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի...

Ճատրակ. Զաղրեպի Մրցաշարք. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 7-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ-չես-թուր»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինի դէմ` 55-րդ շարժումին: Հայկական ճատրակի յառաջատարը այժմ 3,5 կէտով կը բաժնէ 4-6-րդ դիրքերը: Այսօր` չորեքշաբթի, 3 յուլիսին, 7-րդ հանգրուանին, Արոնեան սեւ քարերով կը մրցի ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի դէմ:  

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք

- Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը - Մոնֆիս, Ցիցիփաս, Զվերեւ, Կարսիա, Օսաքա Եւ Ուրիշներ Դուրս Մնացին Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Կարէն Խաչանով (10-րդ) ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին 7-6, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սուն Ուու Քուոնի դէմ (Հարաւային Քորէա): Անոնց միջեւ այս...

Քովասիչ Ռէալ Մատրիտէն Տեղափոխուեցաւ Չելսի

Խրուաթ միջնապահ Մաթէօ Քովասիչ Ռէալ Մատրիտէն հեռանալով միացաւ լոնտոնեան Չելսիին, յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 25 տարեկան ֆութպոլիստը հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ: Ան նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Չելսիին եւ անոր հետ կատարած 32 մրցում: Քովասիչ չորս տարի առաջ Ինթեր Միլանէն միացած էր Ռէալ Մատրիտին:  

Մոտրիչ Չ՛ուզեր Տեղափոխուիլ Իտալիա

Սպանական «Մարքա» մարզաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող Լուքա Մոտրիչ չ՛ուզեր տեղափոխուիլ Իտալիա եւ մաս կազմել Ա. Սէ. Միլանին: Նախապէս շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, որ Ա. Սէ. Միլանի թեքնիք տնօրէն Զվոնիմեր Պոպան կ՛ուզէ Մոտրիչը տեսնել խումբին մէջ: Մոտրիչ կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ:

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Խարրիժի Ժիպէյլ` 92-81

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Խարրիժի Ժիպէյլ` 92-81

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Խարրիժի Ժիպէյլ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմին յաղթանակով` 92-81 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ մրցակիցը բաւական լաւ խումբ մը ունի, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ զգալի էր պայքարի ոգին, որուն շնորհիւ կազմը արձանագրեց...

Ֆութպոլ. Վեթերաններու Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ-Ահլի Սարպա

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի, ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին յանձնախումբին, վեթերաններու ֆութպոլի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ լաւ մթնոլորտի մը մէջ: Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ-ի խումբը այսօր, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, պիտի մրցի Ահլի Սարպայի դէմ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն մեծ յաղթանակ մը արձանագրելու իրենց մրցակիցին դէմ` յաջորդ հանգրուանին հասնելու կարելիութիւնը ունենալու համար: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խուռներամ ներկայութիւն ըլլալ...

Page 686 of 1279 1 … 685 686 687 … 1,279

Արխիւներ