Թրիփոլի ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հիւսիսային Լիբանանի բոլոր անձնաւորութիւններն ու առեւտրականները չեն ուզած նիւթական որեւէ օժանդակութիւն տրամադրել խումբին, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ մնալու համար տնտեսական տագնապի մէջ կը գտնուի:
Այս իրողութենէն մեկնելով, հիւսիսային ակումբին ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: Եթէ խումբին որեւէ նիւթական օժանդակութիւն չտրամադրուի, անոր Ա. դասակարգին մէջ գոյատեւելը պիտի ըլլայ դժուար: