Կիրակի, 30 յունիսին իրենց աւարտին հասան Մինսքի մէջ տեղի ունեցած եւրոպական 2-րդ խաղերը:
Աւելի քան 4000 երկսեռ մարզիկներ, որոնք եկած էին 50 երկիրներէ, իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 մարզաձեւերու մէջ:
10 օր տեւած այս խաղերուն փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մինսքի «Տինամօ» մարզադաշտին վրայ: Անոր ներկայ էին Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ուրիշներ:
Փակման հանդիսութեան ընթացքին եւս Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշակիրը հանդիսացաւ կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով, որ դարձաւ եւրոպական խաղերու ախոյեան` 64 քկ դասակարգին մէջ:
Այս խաղերուն 9 մարզաձեւերու մէջ Հայաստանի կողմէ մասնակցեցան 37 մարզիկներ, որոնք բոլորն ալ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահոված էին վարկանշային արդիւնքներուն հիմամբ:
Վերջնական դասաւորման մէջ, Հայաստանի հաւաքականը 50 երկիրներու մէջ գրաւեց 11-րդ դիրքը` տիրանալով 11 մետալի (5 ոսկի, 3 արծաթ, 3 պրոնզ):
Առաջին հանդիսացաւ եւ մետալներուն առիւծի բաժինը խլեց Ռուսիան` 109 մետալով (44 ոսկի, 23 արծաթ, 42 պրոնզ):
Հիւրընկալ երկիրը` Պիելոռուսիա, հանդիսացաւ երկրորդ` 69 մետալով (24 ոսկի, 16 արծաթ, 29 պրոնզ):
Եւրոպական այս խաղերը վարկանշային են` Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն համար:
Ստորեւ կու տանք այս խաղերուն Հայաստանի համար մետալներ ապահոված մարզիկներուն անունները.
Կռփամարտի մրցումներուն, որոնք միեւնոյն ժամանակ Եւրոպայի ախոյեանութիւնն են, ախոյեան հանդիսացան Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ) եւ Յովհաննէս Բաչքով (64 քկ):
Ոսկի մետալներու տիրացան նաեւ` յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ), մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան (յենացատկ) եւ սամպիստ Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ):
Արծաթէ մետալներ ձեռք ձգեցին սամպիստ Դաւիթ Գրիգորեան (82 քկ), մարմնամարզի (օղակներ)` Վահագն Դաւթեան եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Կարապետ Չալեան (77 քկ):
Իսկ պրոնզէ մետալներով բաւարարուեցան կռփամարտիկներ Կարէն Տօնականեան (60 քկ), Գոռ Ներսէսեան (81 քկ) եւ սամպիստ Արսէն Ղազարեան (74 քկ):
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հայրենի մարզիկները արժանացան շատ ջերմ ընդունելութեան:
Երէկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Մինսքի մէջ հայ մարզիկներուն արձանագրած յաջողութիւնը: