Մարզական

Աժաքսիօ Ակումբի Նախկին  Նախագահը Սպաննուեցաւ

Աժաքսիօ Ակումբի Նախկին Նախագահը Սպաննուեցաւ

Ֆրանսական Աժաքսիօ ֆութպոլի ակումբի նախկին նախագահ Ալեն Օրսոնի սպաննուեցաւ երկուշաբթի օր` իր մօր յուղարկաւորութեան պահուն: Ողբերգական միջադէպը տեղի ունեցաւ Քորսիքայի Վերօ շրջանին մէջ, ուր 71 տարեկան Օրսոնի ներկայ էր իր մօր յուղարկաւորութեան արարողութեան: Նախկին քաղաքական գործիչը հեռուէն հրազէնով սպաննուեցաւ: Աժաքսիոյի դատախազ Նիքոլա Սեփթ նախնական հետաքննութեան սկսած է` գործը որակելով իբրեւ կազմակերպուած խումբի կողմէ իրականացուած սպանութիւն: Հետաքննութիւնը միասնաբար կը վարեն ոստիկանութիւնն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ճէյմս Հարտըն Անցաւ Շաքիլ Օնիլի  Կէտերու Մրցանիշին

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյմս Հարտըն Անցաւ Շաքիլ Օնիլի Կէտերու Մրցանիշին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն Լոս Անճելըս Քլիփըրզի վեթերան աստղերէն Ճէյմս Հարտըն 32 կէտ նշանակեց եւ կէտերու ընդհանուր հաշուով մէկ կէտով անցաւ Շաքիլ Օ՛նիլի 28.596 կէտերուն: Այժմ 9-րդ դիրքի վրայ գտնուող Հարտըն մօտ 3 հազար կէտերու պէտք ունի` հասնելու Ուիլթ Չեմպըրլէյնին: Քլիփըրզ 117-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չարլոթ Հորնեթցը, մինչ Փասքալ Սիաքամի ֆլոթըրը պատճառ դարձաւ, որ Ինտիանա Փէյսըրզ 98-96 արդիւնքով յաղթէ...

Նշմար.  «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…

Նշմար. «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…

ԿԱՐՕ Կ. Խմբային մարզական խաղերու մէջ շատ անգամ կը տեսնենք, որ լաւ մարզիկներ ունեցող խումբեր լաւ արդիւնքներ տալէ ետք շրջան մը «կը կաղան», եւ ասոր պատճառները կրնան տեսակաւոր ըլլալ: Կա՛մ այն է, որ մրցակից խումբեր այլեւս գիտեն, թէ այդ խումբը ինչպէ՛ս կը խաղայ, կա՛մ ալ մարզիկները մարզիչին սահմանափակ ոճէն անկախ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընեն մրցումի պահուն: Երբեմն «ռութին»-ը,...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

«Էմ. Էմ. Էյ.» 2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի թիւ 1 դասուած Արման Ծառուկեան յաջողութեամբ սկսաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի իր տարեշրջանը: «Ռաֆ 5» մրցաշարքին, Ֆլորիտայի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), հայ մարզիկը դիւրին յաղթանակ արձանագրեց Լանս Փալմըրի դէմ մրցումին: Գօտեմարտը հազիւ 2 վայրկեան տեւեց, ուր Ծառուկեան ամբողջովին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ յաղթեց 10-0 արդիւնքով` ոչ մէկ առիթ տալով իր մրցակիցին: Ասիկա Արման Ծառուկեանի առաջին ելոյթն...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական կարեւոր 5 լիկաներու մրցումները: Սպանիոյ մէջ ուշադրութիւնը գրաւած էր Եւրոպայի սպասուած «Քլասիքօ»-ն, ուր Պարսելոնա կրցաւ անգամ մը եւս յաղթել Ռէալ Մատրիտին (3-2)` շահելով իր յաջորդական երկրորդ գերբաժակը: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, եղաւ բաւական «տաք» եւ հետաքրքրական: Ռէալ Մատրիտ մրցումին սկիզբը լաւ պաշտպանուեցաւ եւ վստահած էր հակայարձակումներու, բայց առանց Քիլիան Էմպափէի շատ յոյս չկար...

«Էֆ. Էյ. Քափ»  Եունայթըտ Առանց Մարզիչի Դուրս Մնաց

«Էֆ. Էյ. Քափ» Եունայթըտ Առանց Մարզիչի Դուրս Մնաց

Մանչեսթըր Եունայթըտ Ալեքս Ֆերկըսընի հետ պատմութիւն կերտած էր 1986-էն մինչեւ 2013` շահելով 13 «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսներ, 5 «Էֆ. Էյ. քափ», 4 «Լիկ քափ», 10 «Քոմիւնիթի շիլտ» (գերբաժակ), 2 «Չեմփիընզ լիկ», 1 Եւրոպայի բաժակակիրներու բաժակ, 1 Եւրոպայի գերբաժակ, 1 միջցամաքամասային բաժակ եւ 1 ՖԻՖԱ ակումբներու տիտղոս: 2014-էն 2026-ի սկիզբ... 11 տարբեր մարզիչներ, անոնցմէ մաս մը ժամանակաւոր, կրցան 2 «Քոմիւնիթի շիլտ», 2...

Թենիս.  Խաչանով – Ռուպլեւ Զոյգը` Հոնկ Քոնկի Մրցաշարքի Փոխախոյեան

Թենիս. Խաչանով – Ռուպլեւ Զոյգը` Հոնկ Քոնկի Մրցաշարքի Փոխախոյեան

Աշխարհի թիւ 17-րդ դասուած հայազգի Կարէն Խաչանով, Հոնկ Քոնկի թենիսի մրցաշարքին ձախողելէ ետք անհատական մրցումներուն (Մայքըլ Էմմոհէն` 7-6, 7-6), զոյգի մրցումներուն աւելի յաջող ելոյթ ունեցաւ Անտրէ Ռուպլեւի հետ: Արդարեւ, Խաչանով - Ռուպլեւ զոյգը կրցաւ դուրս ձգել 4-րդ դասուած Նուզա - Ռիքըլ զոյգը (7-6, 3-6 եւ 11-9), ապա Արիպաժ - Օլիվեթթի զոյգը (6-3, 3-6 եւ 10-4) եւ Քիրքով - Սթիվընզ զոյգը...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութիւն Կրեց Հուփսէն`  94-87 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութիւն Կրեց Հուփսէն` 94-87 Արդիւնքով

Երէկ յետմիջօրէին «Ռոքլենտ Արենա»-ին մէջ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը անսպասելի պարտութիւն մը կրեց Հուփսէն` 94-87 արդիւնքով: Հուփս լաւ ձեւով պաշտպանեց, մինչ ՀՄԸՄ կատարեց բազմաթիւ սխալներ, որոնցմէ լաւապէս օգտուեցաւ մրցակիցը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Ահմետ Իպրահիմ մրցումին սկիզբէն վիրաւորուեցաւ, երբ իրաւարարը չնկատեց անոր վրայ եղած ֆաուլը: Իպրահիմ ձեռքը կոտրած էր: Առաջին մասին ՀՄԸՄ միայն 14 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ 28 կէտ նշանակեց Հուփս:...

Հայազգի Ֆութպոլիստներ Հինէն Ի Վեր…

Հայազգի Ֆութպոլիստներ Հինէն Ի Վեր…

Համաշխարհային ֆութպոլի պատմութիւնը հինէն ի վեր պահպանած է հայազգի բազմաթիւ ֆութպոլիստներու անուններ, որոնք մեծ յաջողութիւններու հասած են իրենց պատմական հայրենիքէն դուրս: Այդպիսի ֆութպոլիստներէն մէկն էր Ալֆրետօ Ամարիլիօ Քէշիշեան, ուրուկուէյցի մը` հայկական արմատներով, որ դարձաւ Պարսելոնա ակումբէն հանդէս եկած հայազգի առաջին ֆութպոլիստը: Այժմ քաթալոնական ակումբի կազմէն ելոյթ կ՛ունենայ հայազգի ֆութպոլիստ մը եւս` Ռունի Պարտաքճի, որ կը ներկայացնէ Շուէտի ազգային խումբը: Թէ՛...

Հայաստանի Ֆութպոլիստները`  Իրենց Ակումբներուն Հետ

Հայաստանի Ֆութպոլիստները` Իրենց Ակումբներուն Հետ

Հայաստանի ֆութպոլիստները շաբաթավերջին արտասահմանի իրենց ակումբներուն հետ բարեկամական ելոյթներ ունեցան` ձմեռնային արձակուրդին պատրաստուելու եւ շարունակելու համար իրենց դարձի մրցումները: Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Վահան Բիչախչեան մասնակցեցաւ Լեկիա Վարշաւայի բարեկամական մրցումին` Փոկոնին դէմ (իր նախկին ակումբը): Մրցումը աւարտեցաւ 3-2 արդիւնքով` ի նպաստ Լեկիայի: Յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան իր հունգարական Փուշքաշ ակադեմիայի ակումբին հետ ելոյթ ունեցաւ պելճիքական Լոմել ակումբին դէմ, Սպանիոյ փորձի հաւաքի...

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ.  Եգիպտոս Մարոքի Հետ Կիսաւարտական Հասաւ

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ. Եգիպտոս Մարոքի Հետ Կիսաւարտական Հասաւ

Ափրիկէի ազգերու բաժակը հասած է իր կիսաւարտականին, ուր թեկնածու Մարոք, որ արդէն իսկ ապահոված էր տոմսը, իրեն հետ ունի Եգիպտոսը, Սենեկալն ու Նիկերիան: 1957-էն ի վեր երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մրցաշարքը թիւով 35-րդն է, զայն ամէնէն շատ շահած է Եգիպտոսը (7 անգամ): Մարոք, որ կը հիւրընկալէ այս տարուան մրցաշարքը, 1976-ին շահած է իր միակ մրցանակը, երբ տեղի...

Էն. Պի. Էյ. Տիւրենթի Կէտերու Հաշիւը Հասաւ 31.435-ի. Չարլոթ 55 Կէտերու Առաւելութեամբ Յաղթեց

Էն. Պի. Էյ. Տիւրենթի Կէտերու Հաշիւը Հասաւ 31.435-ի. Չարլոթ 55 Կէտերու Առաւելութեամբ Յաղթեց

Շաբաթավերջին Քեվըն Տիւրենթ կրցաւ գերազանցել Ուիլթ Չեմպըրլէյնի կէտերու մրցանիշը (31.419 կէտ) եւ հասաւ 31.422 կէտերու իր խումբին` Հիւսթըն Ռոքեթցի հետ, որ պարտուեցաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն` 111-105 արդիւնքով: 37 տարեկան Տիւրենթ, որ իր 18-րդ տարեշրջանը կը բոլորէ եւ 15 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակցած, 8 հազար ռիպաունտի սահմանն ալ կտրեց այս մրցումին: Ան կրնայ հասնիլ 6-րդ դիրքին ալ, որ այժմ կը...

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց ֆութպոլի խումբը երէկ Սաֆայի դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պեքայի Ղատ Աֆտալ խումբէն, Գ. դասակարգի իր 5-րդ մրցումին: Առաջին կիսախաղը ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնի յետսապահ Ապպաս Մրէյշ փենալթի մը «նուիրեց» մրցակից խումբին, եւ Իպրահիմ Պու Համտան այդ փենալթին կոլի վերածեց 57-րդ վայրկեանին: 75-րդ վայրկեանին Ապպասի մէկ սխալէն եւս օգտուեցաւ Ղատ Աֆտալ, ուր...

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթանակով Սկսաւ Ախոյեանութիւնը

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթանակով Սկսաւ Ախոյեանութիւնը

Անցեալ տարուան Լիբանանի փոխախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հինգշաբթի գիշեր 86-52 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց նոր առաջին դասակարգ բարձրացած Ինմաա Տամուրի դէմ: Պէտք է ըսել, որ մարզիչ Միքայէլ Միքայէլեան եւ օգնական Ճօ Մուժահես դժուար գործ ունին կատարելիք, եւ տղոց խումբին նման մեծ թիւով լաւ մարզիկներ կան, որոնցմէ 9-ն արդէն իրենց մասնակցութիւնը բերին առաջին մրցումին: Ճիշդ է, որ լաւ բան մըն է...

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Հուփս – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Վաղը` Հուփս – ՀՄԸՄ

Վաղը ժամը 16:-45-ին, «Ռոքլենտ Արենա»-ի վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի ըլլայ հիւրը Հուփսին ախոյեանութեան դարձի առաջին մրցումին: 12-րդ հանգրուանի այս մրցումը կարեւոր պիտի ըլլայ զոյգ խումբերուն համար, որոնք շատ աւելի լաւ դարձի արդիւնքներ կը փորձեն ձեռք ձգել: ՀՄԸՄ երթին 7 յաղթանակ արձանագրած էր, բայց իր առաջին 6 մրցումներու յաջողութենէն ետք 4 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր, երբ խումբին լաւագոյն մարզիկներէն...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ.  Արսենալ Չկրցաւ Յաղթել Լիվըրփուլին.  Ա. Սէ. Միլան Հաւասարեցաւ…

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ. Արսենալ Չկրցաւ Յաղթել Լիվըրփուլին. Ա. Սէ. Միլան Հաւասարեցաւ…

Սպանիոյ գերբաժակի աւարտական մրցումին, վաղը ժամը 21:00-ին Ճետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի պիտի ունենայ 2026-ի առաջին «Քլասիքօ»-ն: Կիսաւարտականին Պարսելոնա 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Աթլեթիք Պիլպաոն: Հայկական ծագում ունեցող Ռունի Պարտաքճի եղաւ մրցումի աստղերէն` նշանակելով կոլ մը եւ պատրաստելով 2 այլ կոլեր` Ռաֆինիային: Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիքօ Մատրիտը` առանց Քիլիան Էմպափէի: Ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէ ռմբային ազատ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Անթոնի Էտուըրտծ 10 Հազար Կէտի Հասաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտծ 10 Հազար Կէտի Հասաւ

Անթոնի Էտուըրտծ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 3-րդ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը դարձաւ, որ հասնի 10 հազար կէտերու սահմանին, երբ իր խումբին` Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի հետ կրցաւ պարտութեան մատնել Քլիվլենտ Քեվելիրզը (131-122): Էտուըրտծ, որ 24 տարեկան եւ 156 օր է, միայն Լըպրոն Ճէյմսի (23 տարեկան, 59 օր) եւ Քեվըն Տիւրենթի (24 տարեկան, 33 օր) ետին է: Էտուըրտծ մաս կազմեց այն 7 մարզիկներուն, որոնք...

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն գծով, այսօր ժամը 14:15-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ղատ Աֆտալի դէմ, Սաֆայի դաշտին վրայ: Երկու խումբերը օտար չեն եւ իրար գիտեն` նկատի ունենալով, որ Լեռնալիբանանի անցեալ տարիներու ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ վերջին երկու տարիներուն մրցած էր Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալի դէմ, եւ անցեալ տարեշրջանի աւարտին անոնք միասին բարձրացած էին Գ. դասակարգ:...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը

2025-ին ամէնէն վաստկած ճատրակի վարպետն էր նորվեկիացի Մակնուս Քարլսեն: Աշխարհի 16-րդ ախոյեանը անցեալ տարի մասնակցած է 16 մրցաշարքերու եւ վաստկած 1,455 միլիոն տոլար: Երկրորդ դիրքը գրաւած է ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա, որ 19 մրցաշարքերու մասնակցելով վաստկած է 889 հազար տոլար: Հայաստանի հաւաքականի նախկին թիւ 1 Լեւոն Արոնեան, որ այժմ Միացեալ Նահանգները կը ներկայացնէ, մասնակցած է 15 մրցաշարքերու եւ ձեռք ձգած 751...

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ.  Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ. Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ

Ափրիկէի ազգերու բաժակի մրցաշարքը կը հասնի իր վերջին հանգրուաններուն: Այսօր տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի երկու ելոյթներ, ուր Մալի կը մրցի Սենեկալի դէմ, իսկ հիւրընկալ երկիր Մարոք կը մրցի Քամերունի դէմ: Վաղը Ալճերիա պիտի հիւրընկալէ Նիկերիան, իսկ Եգիպտոս` Փղոսկրեայ Ափունքը: Այսօրուան մրցումներուն, Մալի պիտի փորձէ յաղթել իր առաջին մրցումին` նկատի ունենալով, որ 3 հաւասարութիւններ արձանագրելէ ետք Զամպիոյ, Մարոքի եւ Քոմորոսի հետ,...

Page 68 of 1275 1 … 67 68 69 … 1,275

Արխիւներ