Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան 2025-ը Փակեց Փայլուն Յաղթանակով
2025-ի վերջին օրերուն Մարզական աւանի «Փիեռ Ժեմայէլ»-ի անուան դաշտին մէջ տեղի ունեցած էին գեղարուեստական մարմնամարզութեան վերջին հանգրուանի տարիքային մրցումները` կազմակերպութեամբ Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին: Սերաֆինա Սերոբեան անգամ մը եւս ինքզինք փաստեց, թէ ինք կը մնայ Լիբանանի լաւագոյնը` գեղարուեստական մարմնամարզութեան ոլորտին մէջ, 5 ոսկի մետալներ ձեռք ձգելով 4 տարբեր ձեւերու (պարանի, ժապաւէնի, օղակի եւ փայտիկներու ձեւեր) մէջ, ինչպէս նաեւ ապահովելով ընդհանուր ախոյեանի...




















